ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ թագաւորը կը հիւրընկալուի մեծ պատիւներով։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ անձամբ փութաց Էսէնպողա օդակայանը՝ դիմաւորելու համար իր պաշտօնական հիւրը։ Էրտողանի կողքին էր նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ միջոց մը հանգիստ առնելէ վերջ հիւր թագաւորը առաջնորդուեցաւ իր իջեւանած պանդոկը։
Այսօր Սելման թագաւորին ի պատիւ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն մըն ալ տեղի կ՚ունենայ նախագահական պալատին մէջ, Պէշթէփէ։ Մայրաքաղաքին մէջ Էրտողանին առընթեր Սելման թագաւոր կը տեսակցի նաեւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։
Անգարայի շփումները աւարտելէ վերջ Սելման թագաւորը պիտի անցնի Իսթանպուլ, ուր ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին պիտի մասնակցի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին։
Միւս կողմէ, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ապտիւլահմէտ էլ Ճուպէյրի հետ։
Անգարայի եւ Ռիատի ղեկավարութիւնները սերտ համագործակցութեան մէջ են Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին մէջ։ Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա Քաթարի հետ միասին ձեւաւորած են առանցք մը, որ կը պայմանաւորէ միջազգային հաւասարակշռութիւնները Մերձաւոր Արեւլքի պարագային։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանին մէջ կը հիւրընկալուին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ ռազմաօդանաւերը՝ միանալով «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչկան խմբաւորման դէմ ստեղծուած միջազգային համախոհութեան։