ԲԱԶՄԱԲՈՎԱՆԴԱԿ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէ դէ­պի Ե­րե­ւան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս ե­րէկ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուեցաւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Հիւր նա­խա­րա­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Ճա­նե­լի­ծէ ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան եւ Ճա­նե­լի­ծէ նախ տե­սակ­ցե­ցան ա­ռան­ձին, ա­պա գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մի­ջեւ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին։ Եր­կուս­տեք շեշ­տուե­ցաւ, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հայ-վրա­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շօ­շա­փե­լի զար­գա­ցում ապ­րած են եւ յա­ռաջ կ՚ըն­թա­նան փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով։

Նալ­պան­տեան պաշ­տօ­նակ­ցին ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով հա­մա­պա­տաս­խան պայ­ման­նե­րու ստեղծ­ման ուղ­ղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի հա­մա­տեղ ջան­քե­րը։ Ան այս ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւո­րեց Վրաս­տա­նի շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, ու­ժա­նիւ­թի, փո­խադ­րու­թեան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման, զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ հար­ցեր։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րուն, նաեւ ար­ծար­ծե­ցին վի­րա­հա­յու­թեան առ­կայ խնդիր­ներն ու ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուած քայ­լե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017