ԲԱՆԿԱԼԹԻԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՃԱՇԱՐԱՆ ՄԸ
Բանկալթիի խաչմերուկին վրայ ներկայիս բացուած է նոր ճաշարան մը, որ կը կոչուի «Փաշա տէօնէր»։ Շատ բանուկ կէտի մը վրայ բացուած այս ճաշարանին սեփականատէրերն են՝ Տարօն Թորոս, Սեւան Սելվիլէր եւ Սելահատտին Չալըշքան։ Էրկէնէքոն եւ Տոլափտէրէ պողոտաներու խաչմերուկին տեղակայուած է այս ճաշարանը, որ իր այցելուներուն կը հրամցնէ հաւու միսով պատրաստուած համեղ արտադրանք մը։ Համանուն ցանցի 142-րդ մասնաճիւղն է այս ճաշարանը, որ ամէն ծառայութիւն կը մատուցէ առաւօտեան ժամէն սկսեալ մինչեւ կէս գիշեր։
Ճաշարանի սեփականատէրերը լիայոյս են նաեւ հիւրընկալել մեր համայնքի անդամները, քանի որ այդ բանուկ կէտէն օրուան ընթացքին կ՚անցնին մեր համայնքի հազարաւոր անդամներ։