ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԵՒ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Սիրելիներ,
Ինչպէս ծանօթ է, մերազն ժողովուրդին, 3 Ապրիլ 2017-ին Իսթանպուլի Պատրիարքարանին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցանք Բարձշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հետ, որուն մասամբ ներկայ գտնուեցան նաեւ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Պրն. Պետրոս Շիրինօղլու։
Հանդիպման նիւթը Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութիւններու հետ ա-ռընչուած հարցերն էին։ Արամ Սրբազան ինծի բանաւոր տեղեկացուց իր անձնական կարծիքն ու մտածումները այս առընչութեամբ։ Ի ներկայութեան վերը յիշ-ւած անձերու, ես իրմէ խնդրեցի իր ըսածները ինծի յանձնել գրաւոր կերպով։ Ինք ինձմէ երկու օրուան ժամանակ խնդրեց, որպէսզի իր ըսածները գրաւոր խմբագրէ եւ յանձնէ մեր ուշադրութեան։
Երկու օր վերջ հեռաձայն ստացայ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցէն։ Արամ Սրբազան զիս կը հրաւիրէր հոն՝ իբր թէ այցելութիւն մը տալու հանգստեան կոչուած Ամենապատիւ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին, նաեւ աղօթելու Պատրիարքին համար եւ միասնական պատկեր մը քաշուելու։ Մինչդեռ այլեւայլ աղբիւրներէն ինծի լուրեր կը հասնէին, որ մինչ այդ Արամ Սրբազան պատրաստած է գրաւոր համաձայնագիր կամ արձանագրութիւն մը, հրաւիրած է անգամ մամուլի ներկայացուցիչներ եւ կը փափաքի, որ երկուքս՝ ինք եւ ես, Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին մէջ ստորագրենք իր կողմէ պատրաստուած համաձայնագիրը։ Այսինքն՝ ես Հիւանդանոց կը հրաւիրուիմ բոլորովին ուրիշ պատճառաբանութեամբ, մինչդեռ բուն նպատակը բոլորովին տարբեր է։ Ընթերցողներու կը թողում անուն մը փնտռել այս քայլը բնութագրելու համար։
Ուրեմն՝ Արամ Սրբազան փոխանակ իր խոստումին համաձայն գրաւոր կերպով ինծի ներկայացնելու ներկայ կացութեան վերաբերեալ իր տեսակէտներն ու մօտեցումները, կը սպասէր, որ ես նոյնպէս իմ ստորագրութիւնս դնեմ իր կողմէ պատրաստուած այսպէս կոչուած «Համաձայնագրի» մը տակ, որ խորքին մէջ առ ոչինչ կը համարէ Եկեղեցականաց Համագումարի կամքն ու որոշումը, միայն առերես կը ճանչնայ Տեղապահի օրինաւոր ընտրութիւնը, կը զրկէ ընտրեալ Տեղապահը իր բոլոր լիազօրութիւններէն եւ կը փորձէ օրինականացնել «Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի» պաշտօնէն հրաժարելու իր յամառումը։
Մամուլի ուշադրութեան կը յանձնենք այդ «Համաձայնագիրը»։
Սիրով եւ առ Աստուած աղօթքով՝
Գարեգին Արքեպսկ. Պեքճեան
Պատրիարքական Տեղապահ Կ. Պոլսոյ
11 Ապրիլ 2017