ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ. 3 ԶՈՀ
Երէկ, Տիարպաքըրի մէջ պատահեցաւ սաստիկ պայթում մը։ Քաղաքի Անվտանգութեան տնօրէնութեան յաւելեալ ծառայութեան շէնքին մէջ պատահեցաւ այս պայթումը, որու հետեւանքով նահատակուեցաւ երեք ոստիկան։ Պաշտօնական աղբիւրները նախ հաղորդեցին, որ այդ պայթումը պատահած էր՝ զրահապատ ինքնաշարժի մը նորոգութեան ընթացքին։
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու աւելի ուշ յայտնեց, որ Տիարպաքըրի մէջ պատահած պայթումը ահաբեկչական յարձակումի մը հետեւանքն է։ Դէպքին բերումով երկու հոգի ալ վիրաւորուած է։
Ըստ նախարար Սիւլէյման Սոյլուի բացատրութիւններուն, երէկ երեկոյեան ժամերուն յստակացան այս դէպքին շարք մը մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, պայթումը իրականացուեցաւ դուրսէն փորուած փակուղիի մը միջոցաւ։ Այսինքն, գետնին տակ զետեղուած պայթուցիկներու միջոցաւ իրականացուած է այս դէպքը։
Ներկայիս հինգ հոգի հսկողութեան տակ առնուած է այս յարձակման բերումով։