ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով այս երկուշաբթի՝ ապրիլի 15-ին հանդիպում մը պիտի ունենան Մոսկուայի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկրի արտաքին գործոց նախարար։

Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Վիեննայի մէջ ունեցած էին հանդիպում մը, որու արդիւնքով համաձայն գտնուած էին, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարները շարունակեն երկխօսութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 12, 2019