ՅՍՏԱԿ ՈՒ ԴՐԱԿԱՆ

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը հարեւաններու հետ իր յարաբերութիւնները կը պատկերացնէ խաղաղութեան օրակարգի շրջանակին մէջ», երէկ Սթրազպուրկի մէջ նման յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽ) գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթին մէջ ըսաւ. «Ի հարկէ, մենք ունինք ոչ միայն հարեւաններ, որոնց հետ յարաբերութիւնները այնքան ալ լաւ չեն, այլեւ ունինք հարեւաններ, որոնց հետ կան բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ։ Ես նկատի ունիմ Վրաստանը եւ Իրանը, որոնց հետ մեր յարաբերութիւնները իսկապէս բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին։ Այս երկիրներուն հետ ունինք բարձր մակարդակի երկխօսութիւն։ Եւ կը փորձենք աւելի զարգացնել մեր յարաբերութիւնները։ Գիտէք, որ, դժբախտաբար, Թուրքիայի եւ Ատրպէյճանի հետ մենք, ըստ էութեան, չունինք դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ այս երեւոյթով ամէն ինչ կ՚արտայայտուի։ Ատրպէյճանի պարագան բոլորիս համար պարզ է։ Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կը կապէ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն հետ։ Հայաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ իր դիրքորոշումը չէ փոխած։ Իսկ հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւնները կը պատկերացնէ խաղաղութեան օրակարգի շրջանակներէն  ներս։ Հայաստան իր հերթին չէ փոխած դիրքորոշումը։ Մենք կ՚ըսենք, որ պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել առանց նախապայմաններու, ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն, ես արդէն ընդհանուր առմամբ ուրուագծեցի մեր պատկերացումը եւ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մենք մեր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ մեր միւս հարեւաններու հետ, կը պատկերացնենք խաղաղութեան օրակարգի շրջանակին մէջ։ Եւ ուրախ եմ, որ իմ գործունէութեան ընթացքին մեր կառավարութիւնը, ըստ էութեան, կարողացած է մեր յարաբերութիւններու սեղանին դնել խաղաղութեան իսկ օրակարգը»։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Սթրազպուրկի մէջ ունեցաւ բազմակողմանի հանդիպումներ։ Օրուան տեւողութեան ան տեսակցեցաւ ԵԽԽՎ-ի նախագահ Լիլիան Մորի-Փասքիէի, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի, Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի հետ։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ ԵԽԽՎ-ի գարնան նստաշրջանի լիագումար նիստին ժամանակ։ Ելոյթէն վերջ ան պատասխանեց նաեւ պատգամաւորներու հարցումներուն։ Բաց աստի, Սթրազպուրկի մէջ երէկ բացուեցաւ «Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Նիկոլ Փաշինեան այս ցուցահանդէսի բացումը կատարեց Լիլիան Մորի-Փասքիէի եւ Թորպիոն Եակլանտի հետ։ Հարկ է նշել, որ Փաշինեանի Սթրազպուրկ այցելութիւնը եւ ԵԽԽՎ-ի լիագումար նիստի ժամանակ ելոյթը զուգադիպած է Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած յեղափոխութեան տարեդարձին։ Այս լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումն ալ զուգադիպած է նոյն տարեդարձին։ Սթրազպուրկի Եւրոպայի պալատի երդիքին տակ կազմակերպուած ձեռնարկի բացման Փաշինեանի առընթեր ելոյթներ ունեցան նաեւ Լիլիան Մորի-Փասքիէ եւ Թորպիոն Եակլանտ։ Նիկոլ Փաշինեան շրջայց մըն ալ կատարեց Եւրոխորհուրդի տեղակայուած շէնքի՝ Եւրոպայի պալատի բակէն ներս, որու մուտքի յարկին տեղադրուած է խաչքար մը։ Այդ խաչքարին մօտ ան նկարահանուեցաւ եւ աւելի վերջ ալ Սթրազպուրկի պատմական կեդրոնէն ներս այցելեց Ս. Աստուածամօր Մայր տաճարը։

Սթրազպուրկի մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասն խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Ան Եւրոխորհուրդէն ներս վերահաստատեց Հայաստանի փափաքը՝ հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Թորպիոն Եակլանտն ալ կարեւորեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու կողմէ բացառապէս քաղաքական յայտարարութիւններու կատարուիլը։ Բաց աստի, Փաշինեան եւրոպական կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղեց, որպէսզի Արցախի ժողովուրդին աջակցին հաստատութիւնները կատարելագործման ճանապարհին։ Հայաստանի վարչապետը Սթրազպուրկի մէջ անդրադարձաւ նաեւ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն։ Ան կը կարծէ, թէ եւրոպացի գործընկերները կը հասկնան Իրանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ պահպանելու կարեւորութիւնը Հայաստանի տեսակէտէ։

Վարչապետ Փաշինեան ԵԽԽՎ-ի ամպիոնէն յայտնեց, որ հայկական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան հարց օրակարգի վրայ չի բերեր։ Ըստ իրեն, անցեալի մէջ Արցախի ներկայացուցիչները նստած են բանակցային սեղանի շուրջ եւ հայկական կողմը հիմա յառաջ կը քշէ բանակցային ձեւաչափը նոյն ձեւով շարունակելու հարցը։ «Մենք բացարձակապէս բանակցային ձեւաչափի փոփոխութիւն չենք ակնկալեր, չենք պահանջեր։ Այս բանը մեր փափաքներուն եւ տրամաբանութեան չի համապատասխաներ։ Այն ձեւաչափը, որու շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենան Արցախի հարցի խաղաղ կարգաւորման քննարկումները՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնն է։ Ու երբ նայինք պատմութեան, թէ ի՞նչ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը եւ ինչպէ՞ս ստեղծուած է, կը տեսնենք, թէ ենթադրուած է Արցախի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին։ Սա ոչ միայն ենթադրուած է, այլ նաեւ տեղի ունեցած է։ 1990-ականներուն տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւի հանդիպումը Արցախի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ Մոսկուայի մէջ։ Մեր ձեռքի տակ կան փաստաթուղթեր, երբ այդ հաղորդակցութիւնը կը կատարուէր։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէ ներս բանակցութիւններուն մասնակցութիւն ունեցած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչները։ Եւ մենք բացարձակապէս բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան հարց չենք դներ, մենք կը դնենք բանակցային ձեւաչափի նոյն ձեւով քննարկումը շարունակելու հարցը», ըսաւ Փաշինեան։

Այսպէսով Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին Արցախի վերադարձի կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան կարեւորեց իր եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալեւի միջեւ ստեղծուած երկխօսութիւնը։ Յամենայնդէպս, ան շեշտեց, որ խնդիրը չի կրնար լուծուիլ առանց Արցախի մասնակցութեան։

«Ես ուրախ եմ, որ մենք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կրցած ենք բաւականին ուղիղ, անկեղծ, ազնիւ եւ շինիչ խօսակցութիւն ծաւալել։ Դժբախտաբար, տակաւին ընդհանուր պատկերացումներ չունինք Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման նրբութիւններու մասին, բայց մենք կարողացած ենք շինիչ, անկեղծ քննարկման մթնոլորտ մը ստեղծել եւ սա արդէն իսկ բաւական լաւ է», նշեց Նիկոլ Փաշինեան Սթրազպուրկի մէջ։ 

Ուրբաթ, Ապրիլ 12, 2019