ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Պէյքոզի մէջ այսօր կը բացուի խորհրդանշական թանգարան մը, որ հաստատուած է Օսմանեան շրջանի հայազգի յայտնի պետական գործիչներէն Աբրահամ փաշայի ջանքերով կառուցուած գործարանի մը տարածքէն ներս։ Վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին, Պէյքոզի Ապակիի եւ բիւրեղի թանգարանը բացուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական արարողութիւնով մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պէյքոզի այս նոր թանգարանը արդէն այսօրուընէ սկսեալ կը սկսի այցելուներ ընդունիլ։ Մօտաւորապէս 3 հազար քառ. մեթր փակ տարածք ունի այս թանգարանը, որ ստեղծուած է թրքական ապակեգործութեան արհեստը աշխարհին ծանօթացնելու նպատակով։ Սելճուկեան շրջանէն սկսեալ, մինչեւ Օսմանեան շրջանի վերջաւորութիւնը՝ բաւական երկար ժամանակաշրջան մը կը ցոլացնեն թանգարանի յարկին տակ ներկայացուած նմոյշները, որոնց թիւը կը հասնի 1500-ի։

Օսմանեան շրջանին, սուլթան Ապտիւլազիզի տնօրինութեամբ կառուցուած էր Պէյքոզի Ապակիի եւ բիւրեղի գործարանը։ Սուլթանը այս ծրագիրը վստահած էր Աբրահամ փաշային, որ իր կողմէ եպարքոս կարգուած էր։ Գործարանի համալիրի ախոռի բաժինը հասած է մինչեւ օրս։ Վերջին երեք տարիներուն այնտեղ վերանորոգութեան աշխատանքներ իրագործուած են եւ այսպէսով ստեղծուած է թանգարանի համալիրը։ 12 առանձին նիւթերու ձօնուած բաժիններէ կը բաղկանայ ընդհանուր ցուցադրութիւնը, որ պատրաստուած է արդի թանգարանագիտութեան չափանիշներուն համապատասխան։ Նորահաստատ թանգարանէն ներս ստեղծուած է նաեւ ապակեգործութեան արհեստին վերաբերեալ գրադարան մը։ Թրքերէնով եւ այլ զանազան լեզուներով շուրջ 600 գործ կ՚ընդգրկէ այս գրադարանը։

Թանգարանի համալիրին մաս կը կազմեն նաեւ ժամանակաւոր ցուցադրութեան սրահներ, մանուկներու համար ժամանցի աշխատանոց, սրճարան եւ յուշանուէրներու վաճառքի բաժին։ 

Թանգարանը խարսխուած է ընդարձակ ծառաստանի մը մէջ, ուր 117 տարբեր ծառի տեսակ կը գտուի եւ այս առումով բուսաբանական թանգարանի մը բնոյթը ունի։

Ազգային պալատներու վարչութեան նախագահ տքթ. Եասին Եըլտըզ թանգարանի բացման բերումով սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտնեց, թէ 12 հազար 900 գործերէն 1500-ը կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան աւելցուց, որ թանգարանը Օսմանեան շրջանի պետական գործիչներէն Աբրահամ փաշայի պուրակէն ներս ստեղծուած է։ Այդ մէկը 19-րդ դարուն Իսթանպուլի ամենամեծ եւ ամենակարեւոր պուրակներէն մին էր։ Այդ պուրակէն ներս կը գտնուէին ապարանք մը եւ ախոռ մը, որոնք հասած են մինչեւ մեր օրերը։ Երկար տարիներ անտէրութեան մատնուելէ վերջ 2018 թուականին այդ ամբողջ համալիրը յանձնուած է Ազգային պալատներու վարչութեան, որ նախաձեռնած է սոյն թանգարանի ստեղծման՝ համագործակցելով գիտնականներու հետ։ Ըստ Եըլտըզի, ցուցանմոյշներու կարեւոր մէկ մասը աննախընթաց է աշխարհի մէջ, ուստի խօսքը կը վերաբերի իսկական գանձի մը։

Պէյքոզի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ ալ նշուած է, որ Աբրահամ փաշա ապրած է 1833-1918 թուականներուն, եղած է Օսմանեան շրջանի հայազգի եպարքոսներէն մին, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է կայսրութեան եւ Եգիպտոսի խտիւութեան միջեւ։ Աբրահամ փաշա կրթութիւնը ստացած է Եգիպտոսի մէջ։ Եղած էր սուլթան Ապտիւլազիզի բարեկամներէն եւ անոր կողմէ իրեն շնորհուած էր փաշայի կոչում։ Ան որպէս պետական գործիչ ծառայած է նաեւ սուլթան Ապտիւլհամիտի շրջանին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021