ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԺԱՄԿԷՏ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։ Թարապիոյ մէջ, Հուպերի ապարանքի համալիրէն ներս երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի բանակցութիւնները։ Սա արդէն սոյն խորհուրդի 9-րդ ժողովն էր, որու աւարտին երկու նախագահները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Մեր հիմնական նպատակն է, որ Սեւ ծովը շարունակէ ըլլալ խաղաղութեան, համագործակցութեան եւ անդորրութեան ծով մը։ Ինչ պատճառով ալ ըլլայ չենք փափաքիր, որ մեր հասարակաց աշխարհագրութենէն ներս լարուածութիւնը աւելնայ», յայտարարեց այս առթիւ նախագահ Էրտողան։ Անգարայի եւ Քիեւի ղեկավարութիւններուն միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած այս քննարկումները զուգադիպեցան այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Ռուսաստան-Ուքրայնա յարաբերութիւնները կը դիմագրաւեն լուրջ լարուածութիւն մը։ Նկատի ունենալով, որ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները այս շրջանին զանազան ազդակներով փոխկապակցուած վիճակ մը ունին՝ Քիեւ-Մոսկուա առանցքի լարուածութիւնն ալ այս առումով ուշադրութեան պատճառ կը դառնայ։

Նախագահ Էրտողան համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յիշեցուց, որ Թուրքիա միշտ ամուր ձեւով պաշտպանած է Ուքրայնոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը։ Իսթանպուլի վերջին բանակցութիւններու ընթացքին ալ երկկողմանի յարաբերութիւնները մանրամասնօրէն քննարկուած են բոլոր երեսակներով։ Ան հերթական անգամ ընդգծեց նաեւ թրքական կողմին զգայնութիւնները Խրիմի հարցին շուրջ։ Ըստ Էրտողանի, Անգարա եւ Քիեւ որդեգրած են իրենց առեւտուրի ծաւալը 10 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակը։

Ըստ Էրտողանի, ԵԱՀԿ-ի Ուքրայնոյ յատուկ դիտարկման առաքելութիւնը Տոնպասի շրջանէն ներս դժուար պայմաններու ներքեւ կայունութեան հաստատման եւ հրադադարի տեւականացման ուղղութեամբ կը շարունակէ դժուարին առաքելութիւնը եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է շարունակէ։ Անդրադառնալով Ուքրայնայի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ տագնապին՝ նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ լուծումը խաղաղ եւ դիւանագիտական ճանապարհով պէտք է ըլլայ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կողմնակից է Ուքրայնայի ՆԱԹՕ-ի անդամակցելուն։

Իր կարգին, Զելենսքի յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են Սեւ ծովի տարածքաշրջանէն ներս մարտահրաւէրներուն համատեղ հակազդելու եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ան անհրաժեշտ համարեց, որ Քիեւի եւ Անգարայի տեսլականները համընկնին թէ՛ առկայ սպառնալիքներու եւ թէ անոնց արձագանգելու ուղիներուն շուրջ։ Ուքրայնայի նախագահը յայտնեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին Անգարայի ղեկավարութեան ամբողջական աջակցութիւնը ապահոված է։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ աջակցութիւնը ծայր աստիճան կարեւոր է Ուքրայնայի համար։

Էրտողանի եւ Զելենսքիի մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուեցան նաեւ շարք մը փաստաթուղթեր։ Նախագահ Էրտողան եւ կողակիցը Հուպերի ապարանքէն ներս ընթրիք մըն ալ սարքեցին ի պատիւ Զելենսքիին եւ կողակցին։

Բաց աստի, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնոյ Պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Թարանը, որ մաս կազմած էր Զելենսքիի գլխաւորած պատուիրակութեան։ Պաշտպանութեան նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ զանազան հարցերու վրայ, որոնք կը վերաբերին պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէ ներս կողմերու համագործակցութեան։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԵՍՔՈՎ

Միւս կողմէ, Քրեմլինի բանբերը Տիմիթրի Փեսքով շաբաթավերջին Ռուսաստանի առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Ուքրայնոյ արեւելքին ոեւէ մէկը դէպի պատերազմ չ՚ընթանար։ Փեսքովի խօսքով՝ առկայ տագնապի կարգաւորման համար պէտք է գործադրուի 2015 թուականին ստորագրուած Մինսքի համաձայնագիրը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021