«ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՄԷԿ-ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ԴՈՒՐՍ ԿՐՆԱՅ ՄՆԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԷՆ»
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նախկին ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ երկրէն ներս հետզհետէ ծաւալող հակառուսական տրամադրութիւններուն։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի համայնապատկերին վրայ Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակի ալ լոյսին տակ ան նշած է, որ Ռուսաստան Հայաստանէ ներս հետեւողականօրէն կը կորսնցնէ իր դիրքերը։ «Մարդիկ հիասթափուած են այդ երկրի մեր նկատմամբ վարած արտաքին ու ներքին քաղաքականութենէն, դադրած են Ռուսաստանը ընկալել՝ որպէս Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւոր, հզօր ուժ մը, որ պիտի կարողանար կանխել Հայաստանի եւ Արցախի հաւանական նուաճումը ատրպէյճանա-թրքական ուժերուն կողմէ», նշած է ան։
Բաց աստի, Միքայէլ Համբարձումեան նշած է, որ այս բոլորը կը ցոլանան զանազան հարցախոյզներու արդիւնքին վրայ։ «Ներկայիս ալ կը շահարկուի, թէ իբրեւ Ուքրայնայի հարցին մէջ Թուրքիոյ համար օրինակութիւն ապահովելու նպատակով Ռուսաստան մեր ազգային շահերու եւ տարածքներու հաշուոյն անվերջ զիջումներ կ՚ընէ, նոյն այդ նպատակով կը հովանաւորէ Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնները, որոնք պաշտօնները պահելու մոլուցքով տարուած՝ կը կատարեն ի վնաս մեզի տրուած բոլոր յանձնարարութիւնները», գրառման մէջ նշած է ան։
Այս բոլորի լոյսին տակ Միքայէլ Համբարձումեան կը հետեւցնէ. «Եթէ Ռուսաստան կ՚ուզէ շարունակել ներկայացուած մնալ տարածաշրջանէ ներս եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ, ստեղծուած իրավիճակին շուրջ պէտք է լրջագոյն հետեւութիւններ ընէ եւ շուտափոյթ միջոցներու ձեռնարկէ հայ ժողովուրդի մօտ՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից իր վաղեմի հեղինակութիւնը վերականգնելու եւ վստահութիւնը բարձրացնելու համար։ Այլապէս, մէկ-երկու տարի վերջ ռուսերը դուրս կը մնան Հայաստանէն ու Արցախէն։ Միամտութիւն է կարծել, թէ ռուսերը այս բոլորը չեն տեսներ եւ չեն հասկնար։ Այլ հարց է, թէ արդեօք կը կարողանա՞ն կանխատեսել Ռուսաստանի ապագան՝ մեր տարածաշրջանէն ներս իրենց դիրքերը վերջնականապէս կորսնցնելէ յետոյ»։