ԵՒ ՈՒՂԻՂ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Պաքու խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ այլ խնդիրներու շուրջ։

Անցեալ շաբաթ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում մը ունեցած էին Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այդ հանդիպումէն վերջ պաշտօնապէս յայտարարուած էր, որ յանձնարարուած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն, որպէսզի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ պատրաստութիւնները սկսին։ Ուրեմն, Պրիւքսելի հանդիպումէն օրեր անց արդէն առաջին շփումը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ։ Ըստ հայկական դիւանագիտական աղբիւրներուն, Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի ձեւաւորման, հաշտութեան բանակցութիւններու նախապատրաստման եւ մարդասիրական խնդիրներու շուրջ։

Նախարարներու այս հեռախօսազրոյցին անմիջապէս արձագանգ մը եկաւ Պրիւքսելէն։ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար այս կապակցութեամբ ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան Միրզոյեան-Պայրամով հեռախօսազրոյցը որակեց կարեւոր զարգացում մը՝ Պրիւքսելի անցեալ շաբթուայ հանդիպումէն վերջ։ «Եւրոմիութիւնը կ՚ողջունէ նախարարներու ուղիղ շփումները եւ համագործակցութիւնը», նշուած է գրառման մէջ։ Թոյվօ Քլաար աւելցուցած է նաեւ, որ Եւրոմիութիւնը կ՚աջակցի անմիջական շփումներուն ու ներգրաւուածութեան։

ՌՈՔՖԷՕՅԻ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Միրզոյեան-Ռոքֆէօյ զրոյցի ընթացքին կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան դերը՝ իր լիազօրութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Քննարկուեցաւ Արցախէ ներս՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Միրզոյեան բացատրեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ միտումնաւոր ստեղծուած մարդասիրական խնդիրները եւ էթնիք զտումներու իրականացման ուղղեալ գործողութիւնները։ Ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու՝ մարտի 23-ի ելման դիրքեր վերադառնալը անհրաժեշտ է։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Երեւանի դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ։ Այդ ամբողջին մէջ նախարարը ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու միջնորդական դերը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը Արցախի հիմնախնդրի լուծման միակ հարթակն է, այս պահուն այլընտրանք չունի, ան սառեցուած է ու ո՛չ թէ վերացուած։ Որպէսզի այլընտրանքներ ըլլան, պէտք է գոյութիւն ունենան բոլորին համար ընդունելի հարթակներ։ «Սփութնիք Արմենիա»ի հետ զրուցելու ժամանակ Դաւիթ Պապայեան ըսաւ. «Վաղաժամ է ըսել՝ ինչպիսի զարգացումներ կ՚ըլլան, ինչ ճակատագիր կ՚ունենայ Մինսքեան խմբակը, սակայն, որքան կը տեսնենք՝ տակաւին այդ ձեւաչափէն չեն հրաժարած։ Այո, նշուեցաւ, որ Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը կը սառեցուի, սակայն, չեմ կարծեր, թէ արդէն իսկ ձեւաչափը կը վերացուի կամ կը լուծարուի, որովհետեւ գործընթացը պէտք է այլ ընթացակարգով իրականանայ, եթէ նման ցանկութիւն յառաջանայ համանախագահ երկիրներուն մօտ»։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ Արարատ Միրզոյեանի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարած էր, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա պատրաստակամ չեն իր երկրին հետ համագործակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022