ՄՏԱՀՈԳ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցը։

Վերջին շրջանին այս խնդրի լուծման ուղղեալ իրադարձութիւնները թափ ստացած են։ Պատկան պետական մարմիններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շփումներ կ՚ունենան փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն եւ յառաջատար աշխարհական վարիչներուն հետ։ Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ ընտրական նոր կանոնադրութեան կմախքը արդէն ձեւաւորուած է եւ անոր հրապարակման պահը կը հասուննայ։ Թէեւ պաշտօնապէս որեւէ մանրամասնութիւն չի հաղորդուիր, սակայն, զանազան լսումներու հիման վրայ փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներս մտահոգութիւններ ստեղծուած են, թէ նոր կանոնադրութիւնը կրնայ չարդարացնել սպասումները։

Այս մթնոլորտին մէջ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի նկատառման շարք մը հարցումներ ուղղած է՝ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններու հիման վրայ՝ խնդրելով գրաւոր պատասխան։

Թիւով 7 այս հարցումներու առընթեր, Կարօ Փայլան շեշտած է, որ նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան գործընթացը յառաջ կը տարուի փակ դռներու ետին։ Փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ իրենց հետ որեւէ խորհրդակցութիւն չի կատարուիր, իրենց կարծիքն ու գաղափարը չեն շօշափուիր եւ պատրաստուած ընտրական կանոնադրութեան վերաբերեալ հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած շարք մը պնդումները անընդունելի կը համարուին։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը այս բոլորի լոյսին տակ թուարկած է հետեւեալ հարցումները.

1- Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան պարագային պարտադրա՞նքի մը դէմ յանդիման պիտի մնանք։

2- Փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան պարագային ինչո՞ւ քննարկումներ չեն ծաւալուիր այդ հաւաքականութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։

3- Փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան պատրաստութեան գործընթացը ինչո՞ւ յառաջ չի տարուիր ներառական ու թափանցիկ ձեւով։

4- Ճի՞շդ են այն պնդումները, ըստ որոնց հայ եւ յոյն համայնքներու մեծագոյն հաստատութիւնները՝ հիւանդանոցի վաքըֆները ընտրութիւններէ դուրս պիտի թողուին։

5- Մենք կը փափաքինք փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան նախագծին ծանօթանալ եւ մեր կարծիքները փոխանցել։ Կանոնադրութեան հրապարակումէն առաջ պիտի ընդառաջէ՞ք մեր այս պահանջին։

6- Ճի՞շդ են այն պնդումները, ըստ որոնց փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութիւնով պիտի դիմագրաւուին կարգ մը շահադիտական խմբաւորումներու ակնկալութիւնները։

7- Ոչ-ժողովրդավարական ձեւով պատրաստուած ընտրական կանոնադրութիւնը կրնա՞յ փոքրամասնական հաւաքականութիւններէն ներս ժողովրդավարութիւն ապահովել։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022