ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է՝ ցամաքային սահմանը յառաջիկայ ամրան սկիզբին բանալու համար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, նաեւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս տարուած աշխատանքները շուրջ տարի մը առաջ հասուննալով թեւակոխած էին որոշ համաձայնութիւններու ձեռքբերման փուլը։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցած էր կողմերու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, որպէսզի ցամաքային սահմանը բացուէր երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար։ Վերջերս արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ ակնարկած էր այս նիւթին։ Իսկ երէկ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան եւս խօսեցաւ այս մասին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Ռուբէն Ռուբինեան զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ծանօթ է, որ ան միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի խորհրդարանի փոխ-նախագահն է։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ.

«Կայ պայմանաւորուածութիւն, որպէսզի ցամաքային սահմանը այս ամրան սկիզբին բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցող անձերուն համար։ Հայկական կողմը աշխատանքներ կը տանի Մարգարայի անցակէտը կահաւորելու համար։ Աշխատանքներ կը կատարուին, որպէսզի պատրաստ ըլլանք նշուած պայմանաւորուածութիւնները մեր կողմէ իրականացնելու համար։ Թրքական կողմը կը յայտնէ, որ իրենք նոյնպէս կը պատրաստուին այդ բանին։ Յամենայնդէպս, չէ հնչած որեւէ պնդում, թէ պայմանաւորուածութիւնը ուժի մէջ չէ»։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023