ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Երէկ, Հայաստանի հարաւին դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան, ինչ որ խոր մտահոգութիւն յառաջացուց։ Հայաստանի սահմանակից Տեղ գիւղին մէջ պատահեցան դէպքերը։ Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները կրակ բացին Հայաստանի դիրքերուն վրայ։ Պաքուի որդեգրած քաղաքականութիւնը արդէն ծնունդ կու տայ անընդհատ յարձակումներու՝ մինչ Երեւանի ղեկավարութիւնը ամիսներէ ի վեր կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Հայաստանի բանակի զինուորներուն վրայ։ Ժամը շուրջ 16.00-ին պատահած է դէպքը, երբ հայ զինուորները դիրքերէն ներս շինարարական աշխատանքներ կ՚իրականացնէին։ Հայկական կողմը անմիջապէս պատասխան գործողութիւններու դիմած է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ պարբերաբար հաղորդագրութիւններ հրապարակելով մանրամասնութիւններ փոխանցեց ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Որոշ ժամանակ անց սահմանին վրայ արդէն յարաբերական կայունութիւն հաստատուած է եւ գիշերը, ըստ էութեան, հրադադարը պահպանուած։ Դժբախտաբար, բախումներուն հետեւանքով երկու կողմերէն կան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Հայկական կողմը դիրքային կորուստներ չէ ունեցած։ Հայաստանի բանակէն չորս զինուոր նահատակուած է երէկուան բախումներուն հետեւանքով։ Վեց հայ զինուոր ալ վիրաւորուած է։ Վիրաւորեալներէն մէկուն կացութիւնը ծանր է։

Երէկուան դէպքերուն լոյսին տակ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ Երեւան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան, որպէսզի յստակ քայլերու միջոցաւ դատապարտուին Պաքուի ակրեսիւ գործողութիւնները։ Հայկական կողմը պահանջեց կանխել Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի ապագայ սրումը։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ երէկ ընդհատեց դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութիւնը եւ սահմանի վրայ յառաջացած լարուածութեան հետեւանքով անմիջապէս վերադարձաւ Երեւան։

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոնի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոյի հետ, որ, միեւնոյն ժամանակ, Կովկասի բանակցութիւններու գծով պետական քարտուղարի աւագ խորհրդատուն է։ Մհեր Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուէր, ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներուն հետ քննարկեց Հայաստանի եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ բանակցութիւններու ընթացքին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ։ Այս վերջինը տեսակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ փոխ-նախարարներուն հետ։ Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Անդրկովկասի առկայ իրավիճակին։ Օրակարգի վրայ եկած են տարածաշրջանի պետութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերը, որոնց նպատակն է իրադրութեան կարգաւորման նպաստելը, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու աշխուժացումը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023