ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ. «ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԵՐԵՒԱՆԸ»

Զանազան առիթներով կը գրուի այն սուրիահայերուն մասին, որոնք բաւական դժուարին պայմաններու դէմ յանդիման մնալէ ետք՝ կարողացած են ոտքի կանգնիլ ու նոր կեանքի մը սկսիլ Հայաստանի մէջ։ Իմ խօսակիցներուս մեծամասնութիւնը յայտնած է, թէ Երեւանի մէջ ալ կեանքը հեշտ չէ, կայ տարբեր միջավայր մը, տարբեր առօրեայ մը, կան տարբեր մարդիկ՝ որքան որ ալ արիւնակից ըլլան, տարբեր են իրարմէ ու յաճախ այդ տարբերութիւնները կը տանին, մեղմ ըսած, փոքր անհասկացութիւններու։

Ճիշդ է, որ այսօրուան աշխարհը կը նմանի տան մը, ուր փակ սենեակներ, հետեւաբար նաեւ սահմաններ չկան։ Այս երեւոյթը, անշուշտ, կը նպաստէ, որ Հալէպի ծանր օրերը ապրած ոեւէ հայ երիտասարդ ինքզինք նախ աւելի ապահով զգայ ու ակօս մը բանալով այդ ապահովութեան մէջ՝ ոտքի կանգնի, հիմնէ իր փոքր աշխատատեղին ու ընթանայ դէպի յառաջ։ Ի վերջոյ, մեր դարը կը հանդիսանայ մարդկութեան դար, երբ իւրաքանչիւր անձի տրուած է ոսկի առիթ՝ ինքզինք փաստելու, դրական քայլ մը առնելու, իսկ հայերու պարագային՝ Հայաստանի մէջ քարի մը վրայ քար դնելով դրական բան մը կերտելու։

Յաճախ մեր խանդավառութիւնը կը բախի լուռ եւ նոյնիսկ անտարբեր մարդոց անտարբեր վերաբերմունքին, ինչ որ կրնայ մեզ կոտրել, եթէ, անշուշտ, պատրաստ չենք այդ վերաբերմունքը անտեսելու կամ այդ անտարբերութիւնը չենք դիտարկեր անպայման ժխտական մօտեցում մը։ Ի վերջոյ, որեւէ ժխտական կէտի մէջ դրական շունչ մը պէտք է ըլլայ ու մենք՝ որպէս նոր կեանքի սիրահարներներ, պարտաւոր ենք հաւատալ դրական արձագանգին ու կառչիլ անկէ։ Արձագանգը մեզ պէտք չէ կոտրէ, այլ պէտք է զօրացնէ, որովհետեւ մենք վճռած ենք քալել այս նոր ճանապարհով ու անպայման դրական լոյս մը, մոմ մը վառել մեր շրջապատին ու մեր սիրելիներուն համար։

Վերջերս զրուցեցինք Երեւան հաստատուած սուրիահայ Շանթ Ժամկոչեանի հետ, որ Հալէպի ամենատխուր եւ մթագնած օրերը ապրելէ ու ճաշակելէ ետք, այսօր արդէն Երեւանի մէջ կը փորձէ իր աշխատանքի ծիրէն ներս առաջին քայլերը առնել։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Վերջին շրջանին պատերազմին հետեւանքով ստիպուեցաք փոխադրուիլ Երեւան։ Արդեօք ճի՞շդ էր ձեր առած քայլը։

-Մենք՝ ես ու մայրս, 2016 թուականի սեպտեմբերի 29-ին Սուրիայէն հեռացանք։ Մեր հեռանալէն երեք ամիս ետք արդէն հանդարտեցաւ Հալէպի վիճակը: Նախ Լիբանան գացինք, շուրջ երկու տարի այնտեղ մնացինք, բայց յետոյ ես ու մայրս որոշեցինք, թէ մեզի համար ամենայարմար եւ ամենաապահով վայրը Երեւանն է։ Ծանօթ չէինք Երեւանին, առաջին անգամ եկած էինք, բայց շատ սիրեցինք եւ հանգիստ ենք այստեղ: Հոս գլուխդ երբ բարձին դնես, հանգիստ կը քնանաս, գիտես, թէ վռնտող չկայ, քու երկիրդ է, քու լեզուդ կը խօսիս: Բացարձակապէս դժգոհ չենք, որ եկանք, գործն ալ կամաց կամաց հունի մէջ կը մտնէ, որովհետեւ դեռ նոր եմ այս միջավայրին մէջ։ Մէկ անգամէն չեմ կրնար քայլ առնել, պէտք է երկրի պայմաններուն ծանօթանամ, ժողովուրդին հետ շփում ունենամ, որպէսզի հասկնամ, թէ ինչը աւելի կ՚ընդունին:

-Կարելի՞ է մանրամասնութիւններ ներկայացնել ձեր մասնագիտութեան մասին։

-Առեւտրական կառավարում (business management) ուսանած եմ, նաեւ զգեստներու ձեւաւորող (fashion designer) եմ: Հիմա արդէն «Տալմա» առեւտուրի կեդրոնին մէջ հագուստի խանութէ մը ներս կ՚աշխատիմ, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ երբ պահը գայ եւ իմ սեփական գործը հիմնելու որոշում առնեմ, ամենայարմարը հագուստ արտադրելու գործը պիտի ըլլայ: Անշուշտ, այս ձեւով քիչ մը շուկային, տեղւոյն աշխատանքի ձեւին ու ժողովուրդի ճաշակին ու պահանջներուն կը ծանօթանամ։

-Ի՞նչ էին գլխաւոր դժուարութիւնները Երեւան փոխադրուելէ յետոյ եւ արդեօք այդ դժուարութիւնները յաղթահարեցի՞ք:

-Ուր որ երթաս, սկզբնական շրջանին դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը մնաս, բնականաբար, բայց Երեւանի մէջ դժուարութիւնները շատ աւելի նուազ են, որովհետեւ լեզուն արդէն գիտես եւ եթէ որեւէ բանի պէտք ունենաս, ժողովուրդին կրնաս հարցնել: Առաջին շրջանին իմ ունեցած դժուարութիւնները նախ ճամբաները, փողոցները չգիտնալն էր, ինչ որ հետզհետէ սորվեցայ։ Երկրորդ՝ ռուսերէն չէի գիտեր, բայց հիմա գործի բերումով սկսայ բաւական ռուսերէն բառեր սորվիլ: Ուրիշ դժուարութիւններ չկան, ընդհակառակն՝ շատ ուրախ ու հանգիստ ենք, Երեւանի մէջ ապրիլը դրական կողմեր ունի. այստեղ հոսանք կայ, ջուրը առատ է եւ բնութիւնը՝ գեղեցիկ։

-Ինչպէ՞ս էր վերաբերմունքը ձեզի հանդէպ՝ որպէս Սուրիայէն Երեւան հաստատուած սփիւռքահայ:

-Շատ բարեհամբոյր եւ յարգալից վերաբերմունքի կ՚արժանանանք՝ որպէս սուրիահայեր: Առաջին շփումս անցագիր հանելու ժամանակ եղաւ։ Պաշտօնեաները շատ ազնիւ են եւ յարգանքով կը վերաբերէին: Եւ, ընդհանրապէս, ժողովուրդի վարուելակերպին մէջ ես որեւէ վատ կողմ չտեսայ, ընդհակառակն, շատ ազնիւ ժողովուրդ է։ Գործի բերումով օրական 100-150 յաճախորդի հետ կը շփուինք։ Յաճախորդը երբ լսէ, որ սուրիահայ եմ, Լիբանան ապրած եմ, ձեւաւորող եմ, շատ հանգիստ կը զգայ եւ կարծիքս նկատի կ՚ունենայ իր ընտրութեան մէջ: Որեւէ զատողութիւն չեմ զգացած գործիս մէջ տնօրէնէն կամ գործատէրէն, միշտ եղբայրական մթնոլորտ կայ, բոլորէն մեծ յարգանք տեսած եմ, նոյնիսկ թաքսիի վարորդներէն:

-Կ՚ըսուի, թէ սուրիահայերը դրական երանգ մը բերին Հայաստանին։ Իսկապէս այդպէ՞ս է:

-Ես Հայաստանին դեռ նոր ծանօթացայ։ Աւելի առաջ ինչպէս էր՝ չեմ գիտեր։ Հետեւաբար, փոփոխութիւնները չեմ կրնար նկատել, բայց ունիմ շատ ընկերներ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր այստեղ են, յաջողութիւն գտած են։ Անոնցմէ շատեր կ՚ըսեն, որ վերջին 7-8 տարիներուն շատ մեծ փոփոխութիւններ նկատելի են քաղաքին մէջ՝ ժողովուրդի հագուածքէն մինչեւ գործի ձեւը։ Տեսանելի է նաեւ, որ մեծ թիւով սուրիահայեր գործատեղիներ, ճաշարաններ բացած են, ծառայութեան նոր մշակոյթ բերած են իրենց հետ: Իմ կարծիքով, Երեւանի մէջ յաջողութեան հասնիլը անձէն կախեալ է։ Ան որ աշխատասէր է, անշուշտ, շատ լաւ տեղ մը կը հասնի, իսկ ան որ ծոյլ է, վստահաբար գործ պիտի չկարենայ գտնել եւ պիտի ըսէ, որ այստեղ գործ չկայ: Բայց սուրիահայը եւ լիբանանահայը, ուր ալ ըլլան, միշտ աւելի բարձր դիրքերու կը հասնին իրենց գործին մէջ:

-Մենք գիտենք նաեւ, որ սուրիահայերը շատ քիչ կամ համարեա չեն խառնուիր Հայաստանի ներքին խնդիրներուն՝ բնապահպանական, կրթական, տնտեսական եւ մանաւանդ՝ քաղաքական։ Միշտ կ՚ուզեն իշխանութեան կողքին ըլլալ։ Արդեօք այս դիտարկումը ճի՞շդ է:

-Այո, շատ չեն խառնուիր, ես ալ անոնցմէ եմ, յարգանք ունիմ բոլոր պետական մարդոց հանդէպ։ Կը յուսանք, թէ իրենց գործունէութեան արդիւնքով Երեւանը աւելի լաւ քաղաք մը դառնայ, ուրիշ բանի չեմ սիրեր խառնուիլ՝ ինչպէս որ Սուրիոյ մէջ ալ չէի խառնուեր՝ մանաւանդ, որ քաղաքականութենէ շատ չեմ հասկնար:

-Սուրիահայութիւնը երեք խաւերու կրնանք բաժնել. անոնք, որոնք հեռու ափեր գացին, անոնք, որոնք Սուրիոյ մէջ կը շարունակեն մնալ եւ անոնք, որոնք Հայաստան կ՚ապրին: Արդեօք Հայաստանի մէջ ապրողները աւելի՞ շահաւոր են եւ եթէ այո, ինչո՞ւ:

-Ինչպէս հարազատներէս, բարեկամներէս կը լսեմ՝ Հալէպի մէջ վերջին շրջանին պայթումներու վերսկսումը յուսահատ վիճակի մատնած է զիրենք։ Այս պատճառով, կը կարծեմ, թէ ան, որ կը մտածէ Հալէպէն հեռանալ, ամենալաւ, ամենահանգիստ տեղը՝ մանաւանդ տարիքով մեծ եղող մարդոց համար, Երեւանն է: Կը քաջալերեմ, որպէսզի այստեղ գան եւ կը կարծեմ, թէ Եւրոպայի կամ Հալէպի մէջ, բոլոր հայերու վերջին հանգրուանը պէտք է ըլլայ Երեւանը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023