ՀԻՓԵՐՊԱՐԻՔ ԹԹՈՒԱԾԻՆԻ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄ

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի «Միքայէլեան» համալսարանական հիւանդանոցի Վերակենդանացման եւ խտացեալ խնամքի բաժանմունքը վերջերս համալրուած է նոր հիփերպարիք թթուածինի սարքով մը։ Ներկայիս ամբողջ աշխարհի մէջ լայն տարածում գտած է պարոթերափին, որու շնորհիւ մարդկային օրկանիզմի բջիջներուն բարձր ճնշման տակ թթուածին կը հասցուի։ Համալսարանական հիւանդանոցին այս կարեւոր սարքաւորումը նուիրուած է Պոսթոնի Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան կողմէ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան այցելած է նախաձեռնող խումբ մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին վէրքերու, հիփերպարիք եւ հետազօտական ընկերութեան՝ «The Serena Group»ի հիմնադիր ու բժշկական տնօրէն Թոմաս Սերենա, թեքնիք անձնակազմը եւ ամերիկաբնակ կամաւոր բժիշկ Տիգրան Խալափեան։ Այս վերջինները տեղւոյն վրայ մասնակցած են սարքաւորումի տեղադրման, գործարկման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերապատրաստման դասընթացներ կազմակերպած են Երեւանի մասնագէտ բժիշկներուն համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2023