ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­­նա­ժո­ղո­վը Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ գու­մա­րած վեր­ջին նիս­տին ըն­թաց­քին ամ­փո­փեց Ար­ցա­խի հեր­թա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րը եւ ըն­դու­նեց հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մե­ծա­մաս­նա­կան կար­գով ընտ­րուած ե­րես­փո­խան­նե­րը ար­դէն յայտ­նի են։ Հա­մա­մաս­նա­կան կար­գով ընտ­րուած պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու պա­րա­գա­յին վերջ­նա­կան ո­րո­շում­նե­րը պի­տի հրա­պա­րա­կուին յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւած էին նաեւ օ­տար դի­տորդ­ներ՝ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն։ Ա­նոնք ընդ­հա­նուր առ­մամբ դրա­կան գնա­հա­տած էին ընտ­րու­թիւն­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015