ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Գո­հար» հա­մոյ­թի հիմ­նա­դիր-բա­րե­րա­րու­հի Գո­հար Խա­չա­տու­րեա­նը։ Լի­բա­նա­նա­հայ ազ­գա­յին գոր­ծի­չին կ՚ըն­կե­րա­նա­յին համոյ­թի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն­նե­րը՝ Սե­ւակ Սե­րովբեան եւ Սա­րօ Սե­րո­վբեան։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման եւ տա­րած­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­նոնց կող­մէ ծա­ւա­լուած ազ­գան­պաստ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան սփիւռ­քեան հա­մայնք­նե­րու մշա­կոյ­թի կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րու շուրջ։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, Գո­հար Խա­չա­տու­րեան վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուած հա­մոյ­թի խտա­սա­լի­կի շնոր­հան­դէ­սին առ­թիւ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015