ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՀԱԶԱՆԳ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ հետզհետէ կը խորանայ տեղւոյն հայութեան անելանելի վիճակը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը երէկ արձագանգ հանդիսացաւ Հալէպի «Գանձասար» թերթի ահազանգին։ Արդարեւ, սուրիահայութիւնը ու մանաւանդ հալէպահայութիւնը անվտանգութեան բազմաթիւ դժուարութիւններու առընթեր կը դիմագրաւեն տնտեսական լուրջ խնդիրներ։ Թէ՛ գործազրկութեան եւ թէ անհամեմատ սղաճի հետեւանքով հալէպահայերը դժուարութեամբ կ՚ապահովեն իրենց օրական ապրուստը։ Անոնք, որոնք կը փափաքին Հալէպէն դուրս գալ՝ սուրիական լիրայի կրած անկման հետեւանքով մեծ գումարներ կը ծախսեն նախ Լիբանան մուտք գործելու, ապա դէպի Հայաստան օդանաւի տոմս ապահովելու համար։ Լիբանանի մէջ բնակիլը նոյնպէս կը պահանջէ մեծ ծախսեր, իսկ հարազատներու մօտ ապաստան գտնելը ժամանակաւոր հանգրուան մը է, որովհետեւ լիբանանցիին համար եւս դժուար է ապրուստ ապահովելը։ Հայաստանի մէջ հանգրուանած սուրիահայերը մտահոգութիւն կ՚ապրին բնակարան, աշխատանք գտնելու եւ ընդունելի կենսամակարդակով մը ապրելու ուղղութեամբ, յատկապէս երբ ընտանիքները բազմանդամ են։ Ուստի, նման դժուարութիւններու ծանր լուծին տակ եւ անորոշութեան մէջ տագնապով կ՚ապրին սուրիահայերը։
Հայաշատ Հալէպ քաղաքը 2012 թուականի ամրան ամիսներուն յայտնուած էր Սուրիոյ կառավարական ուժերու եւ զինեալ տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախին։ Ցայսօր այս բախումները չեն դադրած։ Քաղաքը երկու մասի բաժնուած է՝ արեւելեան հատուածները կը գտնուին զինեալ տասնեակ խմբաւորումներու, իսկ արեւմտեան թաղամասերը կը մնան կառավարական ուժերու հսկողութեան ներքեւ։
ՄԱԿ-ի տուեալներով Սուրիոյ մէջ շուրջ չորս տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներուն հետեւանքով զոհերու թիւը 220 հազարէ աւելի է։ Ցարդ զոհուած հայերուն թիւն ալ գերազանցած է հարիւրի սահմանը։ Հայկական կազմակերպութիւններ միշտ կը ջանան հասցնել օգնութիւն։