ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան վերջերս հիւրընկալեց Սէն Փեթերսպուրկի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքոն։ Մարգարեան եւ Փոլթաւչենքօ քննարկեցին երկու քաղաքներու համագործակցութեան հեռանկարները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը նախատեսէ Երեւանի եւ Սէն Փեթերսպուրկի համագործակցութեան հեռանկարներուն ընդլայնումը։
Մարգարեան եւ Փոլթաւչենքօ մասնակցութիւն բերին նաեւ «Սէն Փեթերսպուրկ եւ Երեւան կ՚ընդլայնեն համագործակցութեան հորիզոնները» խորագրին ներքեւ կազմակերպուած համաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։
Իր կեցութեան օրերուն Կէորկի Փոլթաւչենքօ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։