ԵՏՄ-ԵՄ ՀԱՄԱՏԵՂ ԺՈՂՈՎ՝ ԱՇՆԱՆ

Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յեւ յայ­տա­րա­րեց, որ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թիւ­նը (ԵՏՄ) եւ Եւ­րո­միու­թիւ­նը հա­մա­տեղ հա­մա­ժո­ղով մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­զար­պա­յեւ այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ը­րաւ՝ Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցա­յին խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Վա­լեն­թի­նա Մաթ­վիեն­քո­յի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։ Նա­զար­պա­յեւ կա­րե­ւո­րեց ԵՏՄ-ի զար­գա­ցու­մը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ղա­զա­խիս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­նի բազ­մա­կող­մա­նի բնոյթ։

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան Քլոտ Եուն­քէրն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, թէ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն գո­յա­ցած է՝ որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան ԵՏՄ եւ ԵՄ ի­րա­կա­նաց­նեն հա­մա­տեղ հա­մա­ժո­ղով մը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016