ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎԻ ՊԵՐԼԻՆ ԱՅՑԸ

Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ։ Այս առ­թիւ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Մա­մէ­տեա­րով տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, դի­ւա­նա­գի­տու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով խորհր­դա­կան Քրիս­տոֆ Հոյս­քէ­նի հետ։ Այ­սօր ալ ան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեան մօտ, ուր անդ­րա­դար­ձաւ Պա­քուի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

«Ա­ՓԱ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սուի նաեւ Շթայն­մա­յէ­րի այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Պա­քու։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016