ՅՈՒՆԻՍԻ 30-Ը ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քըր ե­րէկ Սթրազ­պուր­կի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Մար­թին Շուլ­ցի հետ։ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ներ­կա­յիս չի զի­ջիր այն 72 չա­փա­նիշ­նե­րէն, ո­րոնք անհ­րա­ժեշտ են, որ­պէս­զի թրքահ­պա­տակ­նե­րը ա­ռանց վի­զա­յի մուտք գոր­ծեն Շեն­կէ­նի գօ­տի։ Ան­գա­րա այս հանգ­րուա­նին բա­ցար­ձա­կա­պէս ան­կա­րե­լի կը հա­մա­րէ իր օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան սահ­մա­նու­մին վե­րա­բա­նա­ձե­ւու­մը։

Ուս­տի, ներ­կա­յիս վտան­գուած է Յու­նի­սի 30-էն սկսեալ թրքահ­պա­տակ­նե­րուն ա­ռանց վի­զա­յի Շեն­կէ­նի գօ­տի մտնե­լու հե­ռան­կա­րը։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016