ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Երէկ երեկոյեան, Բերայի թանգարանին մէջ, Թեփեպաշը, տեղի ունեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած «Yok Hükmünde» գիրքին շնորհանդէսը, որու պատուոյ հիւրերն էին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ուշագրաւ շնորհանդէս մըն էր այս մէկը, որ հանդիսացաւ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներու ժամադրավայրը։ Բացի համայնքներու ներկայացուցիչներէն, ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, բազմաթիւ իրաւաբաններ, հասարակական գործիչներ եւ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր։
Ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցչութեան եւ անոնց հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակին վերաբերեալ հարցերը միշտ կը մնան այժմէական։ Նման մթնոլորտի մը մէջ հրատարակուեցաւ «Yok Hükmünde»ն, որու շնորհանդէսն ալ կազմակերպուեցաւ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ շրջանառութեան մէջ կը գտնուի փոքրամասնութիւններու օրէնքի մը ընդունման վարկածը կամ հաւանականութիւնը։ Վերոյիշեալ խըն-դիրներուն կապակցութեամբ մօտաւոր անցեալին երեք գիտաժողովներ կազմակերպը-ւած էին Կալաթասարայ համալսարանին, Անգարայի համալսարանի Քաղաքագիտութեան ֆաքիւլթէին եւ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանին մէջ։ Այդ գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայաց-ւած զեկուցումներուն հիման վրայ պատրաստուած է «Yok Hükmünde»ին բովանդակութիւնը։
Երէկուան շնորհանդէսին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան «Արաս»ի հրատարակութեան տնօրէն Ռոպէր Քոփթաշ, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, այժմու ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, իրաւապաշտպան Ռիթա Էնտէր, ընկերաբան Փրոֆ. Արուս Եումուլ եւ գրող Մկրտիչ Մարկոսեան։ Ձեռնարկի ատենախօսները շեշտեցին, որ գիրքին մէջ արծարծուած հարցերը կը վերաբերին ընտրելու եւ ընտրուելու, ներկայանալու եւ ներկայացուելու տարրական իրաւունքներուն, որոնք ունին անվիճելի նշանակութիւն։ Ներկայ կացութիւնը ստուեր կ՚ածէ այդ իրաւունքներուն վրայ։ Իր կարգին Արուս Եումուլ մասնաւորապէս կանգ առաւ, որ փոքրամասնական համայնքները կը ձգտին իրենց արդար տեղը գտնել սեփական հասարակութեան մէջ։ Ռոպէր Քոփթաշն ալ մատնանշեց վերջին շրջանի դրական յառաջընթացը եւ աւելցուց, թէ այդ զարգացումներուն տրամաբանական շարունակութիւնը կ՚ակնկալուի։
Շնորհանդէսի ընթացքին ատենախօսներուն կողմէ մատնանշուած ուշագրաւ հարցերէն մին ալ Երուսաղէմի Հայոց եւ Յունաց պատրիարքութիւն-ներու Թուրքիոյ մէջ ներկայացման հարցականն էր՝ հաշ-ւի առնելով, որ անցեալին Անատոլուի մէջ անոնք ունեցած են բազում կալուածներ։
Ելոյթներէն վերջ ներկաները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ՝ կարծիքներ փոխանակելով առկայ խնդիրներուն եւ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։