ՊՈՒՆՏԵՍՏԱԿԻ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ՄԵՐՔԷԼԻՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԿՈՉՈՎ ՄԸ

Գեր­մա­նիոյ Պուն­տես­տա­կէն ներս յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սի 2-ին օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ Հայ­կա­կան հար­ցը։ «Die Zeit» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Գեր­մա­նիա­յէն մտա­ւո­րա­կան­ներ բաց նա­մակ մը հրա­պա­րա­կած են՝ Պուն­տես­տա­կին եւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լին ուղ­ղեալ։ Ազ­գու­թեամբ թուրք բե­մադ­րիչ Ֆա­թիհ Ա­քը­նի կող­մէ եւս ստո­րագ­րուած է այդ նա­մա­կը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ կը պա­հան­ջուի «ճանչ­նալ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»։

Նա­մա­կին մէջ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ակն­կա­լած են, որ Յու­նի­սի 2-ին ցու­ցա­բե­րուի յստակ դիր­քո­րո­շում եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ գոր­ծուած յան­ցան­քը կո­չուի իր իսկ ա­նու­նով՝ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ «Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք՝ կ՚ապ­րինք Գեր­մա­նիոյ մէջ, ուր կը ժխտուի Հո­լո­քոս­տը. ար­դեօք սա պի­տի չըն­կա­լուէ՞ր որ­պէս յան­ցան­քի շա­րու­նա­կու­թիւն», նշուած է մտա­ւո­րա­կան­նե­րու նա­մա­կին մէջ։

Նա­մա­կի հե­ղի­նակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը յոր­դո­րած են դիրք գրա­ւել եւ­րո­պա­կան հիմ­նա­րար ար­ժէք­նե­րու կող­քին եւ յստա­կու­թիւն մտցնել բա­ռամ­թեր­քին մէջ։ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը ներ­կա­յիս հիմք կը հան­դի­սա­նայ նոր բռնու­թիւն­նե­րու հա­մար», նշուած է նա­մա­կին մէջ ու շեշ­տուած է, թէ Թուր­քիա պար­բե­րա­բար կը հրա­ժա­րի իր պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սուե­լէ։ Ինչ­պէս ան­ցեա­լին, այն­պէս ալ ներ­կա­յիս իր կա­տա­րած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ո­րե­ւէ պա­տաս­խան չեն ու­նե­նար մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ։

Նա­մա­կի հե­ղի­նակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը յայտ­նած են նաեւ, որ Պուն­տես­տա­կը եւ ա­նոր նա­խոր­դած կա­ռոյց­նե­րը ա­ւե­լի քան հա­րիւր տա­րիէ ի վեր լռու­թիւն կը պա­հեն այս հար­ցին շուրջ։  

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016