ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ԳԼՈՒԽԸ
Յունական Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս Վարդգէս Մահտեսեան պիտի շարունակէ մնալ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ 2016-2021 շրջանին։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Յունական Կիպրոսի Ներքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Քոնստանդինոս Նիքոլայիտիս յայտնած է, թէ ընդդիմադիր թեկնածուի մը բացակայութեան բերումով Վարդգէս Մահտեսեան պիտի մնայ այդ պաշտօնին գլուխը։
Յունական Կիպրոսի մէջ Մայիսի 22-ին նախատեսուած են ընտրութիւններ, սակայն անոնց շրջագծով կիպրահայ համայնքի անդամները կարիքը պիտի չունենան քուէատուփի մօտ փութալու՝ հայ պետական ներկայացուցիչը ընտրելու նպատակով։
Ինչպէս ծանօթ է, Վարդգէս Մահտեսեան աւելի քան երկու շրջանէ ի վեր Յունական Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս կը ներկայացնէ երկրի հայ համայնքը։