ՏԵՒԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Արցախի ճակատին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին զոհ գացած է հայ զինուոր մը՝ Արմէն Մարտիրոսեան (1996)։ Դէպքը պատահած է երէկ երեկոյեան ժամերուն։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս դէպքին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յայտարարութեան մէջ մատնանշուեցաւ այն հանգամանքը, թէ հայ զինուորը սպաննուած է Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ ԵԱՀԿ-ի կողմէ կազմակերպուած դիտարկումէն հազիւ քանի մը ժամ վերջ։ Հետեւաբար, սա ապացոյց մըն է, որ Ատրպէյճան կ՚արհամարհէ միջնորդական ջանքերը։ Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ այս դէպքը հերթական անգամ կու գայ ապացուցանել հրադադարի խախտումներու դրութեան մը փութով հաստատման անհրաժեշտութիւնը։
Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, թէ անցեալ քսաներկու տարիներու տեւողութեան Պաքու բանակցութիւնները օգտագործած է որպէս քօղ զինման եւ ռազմական բռնութիւններու համար։
Ճակատի առկայ լարուած իրավիճակին մէջ երէկ Արցախ այցելեց Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան։ Ստեփանակերտին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Քննարկուեցան անցեալ ամսուան սկիզբին Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Սահակեան ընդգծեց, որ հայկական կողմի յաղթանակներու հիմքին կը գտնուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը։ Ան կարեւորեց քաղաքական ուժերուն կողմէ ցուցաբերուած միասնականութիւնը եւ Արցախին սատարելու ուղղեալ գործօն քայլերը։ Ծանօթ է, որ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ միջոց մը առաջ զօրակցութեան այց մը տուած էր դէպի Արցախ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ միջազգային հանրութեան վերաբերմունքին կապակցութեամբ բազմաթիւ խորհրդածութիւններ ալ ներկայիս կը գտնուին շրջանառութեան մէջ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Մեթիու Պրայզա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսաստանի համար հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ՝ յառաջատարի դեր ստանձնել Հարաւային Կովկասի մէջ։ Իր խօսքերով, Ուաշինկթըն չի փափաքիր աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շրջագծով։ Ըստ Պրայզայի, այս հարցին մէջ Մոսկուա աւելի աշխոյժ է։ «Նախագահ Օպամա յայտարարութեամբ հանդէս չեկաւ վերջին աւելի քան քսան տարիներուն ընթացքին շփման գծի վրայ լարուածութեան ամենալայնածաւալ սրումէն վերջ», ըսաւ Պրայզա՝ «Թրենտ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։ Ան համոզուած է, թէ այսպէսով ԱՄՆ Ռուսաստանին հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ առաջատարի դեր ստանձնել տարածքաշրջանէն ներս, ինչ որ մեծ սխալ մըն է ամերիկեան կողմին տեսակէտէ։ Պրայզա համոզուած է, թէ ԱՄՆ կրնայ աւելի շատ ջանք գործադրել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ, սակայն, ըստ երեւոյթին, հիմնախնդրի կարգաւորումը առաջնահերթ չի համարուիր Ուաշինկթընի տեսանկիւնէն։
Բաց աստի, Երեւանի «168 Ժամ» թերթը գրեց, թէ բուռն գործընթացներ կ՚ընթանան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ։ Մոսկուա լուծման նախաձեռնութիւնը կը յանձնէ Գերմանիոյ, որ ներկայիս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահն է։ Թերթը էական կը համարէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու, հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան հաստատման հարցին պատասխանատուութիւնը կը դրուի Գերմանիոյ վրայ։ Մեծ ճնշման տակ յայտնուած ըլլալով՝ Ռուսաստան դադրեցուցած է զէնքի վաճառքը դէպի Հայաստան եւ նախաձեռնութիւնը յանձնած է Գերմանիոյ։ Իսկ Գերմանիա հանդէս կու գայ ամբողջ ԵԱՀԿ-ի ի նպաստ։ Այս կէտին վրայ մեկնաբաններ կը յիշեցնեն, թէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ անցեալ ամիս Պերլին կատարած այցելութեան ընթացքին դիմած էր գերմանական կողմին ու բողոքած՝ որ Ռուսաստան զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին։ Այսինքն, ներկայ պայմաններով բոլոր կողմերէն թելերը կ՚երթան դէպի Գերմանիա ու պարզ է, որ ԵԱՀԿ-ը աշխուժացնելու վարկածներ կը քննարկուին։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին յստակութիւն չկայ։
Գերմանիա ըլլալով ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը, կը փափաքի ընել իր նախորդներէն աւելին։ Ուքրայնոյ մէջ պատահածներու լոյսին տակ ստեղծուած է այն յստակ պատկերացումը, թէ Եւրոպա շրջապատուած է անկայունութեան օճախներով, որոնք ամէն պահ կրնան պայթիլ։ Անոնց շարքին է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, որ իր դէմքը ցոյց տուաւ անցեալ ամսուան սկիզբին։ Հետզհետէ կ՚ամրապնդուի նաեւ այն համոզումը, թէ այդ բոլորը կարելի է վերահսկել ամրապնդելով ԵԱՀԿ-ի գործառոյթները, որոնք էականօրէն տկարացած են։ Գերմանիոյ ղեկավարութիւնն ալ այս ուղղութեամբ էական աշխատանք կը տանի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Գերմանիոյ քայլերը հակազդեցութեան տեղի չեն տար թէ՛ Ռուսաստանի եւ թէ՛ Արեւմուտքի մօտ։ Ենթադրութիւնները այնպէս են, որ գերմանական կողմը շինիչ պիտի ըլլայ եւ օրակարգի վրայ պիտի գան հրադադարի խախտումները հետաքննելու դրութիւններու հաստատման եւ նախագահներու հանդիպումներ իրականացնելու վերաբերեալ յստակ առաջարկներ։