ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԻՐՔԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Թեհ­րա­նի գիր­քի 30-րդ մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է նաեւ Հա­յաս­տա­նը՝ ներ­կա­յաց­նե­լով տար­բեր լե­զու­նե­րով տպագ­րուած գիր­քեր:

Մինչ այդ, Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­տա­շէս Թու­մա­նեան այ­ցե­լած է հայ­կա­կան տա­ղա­ւար եւ հան­դի­պում ու­նե­ցած՝ տա­ղա­ւա­րի պա­տաս­խա­նա­տու Կա­րօ Վար­դա­նեա­նի հետ: Դես­պան Թու­մա­նեան նաեւ հան­դի­պած է «Շահր-է Աֆ­թապ» ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Մ. Սէ­յի­տիի հետ, ո­րոնք միաս­նա­բար քննար­կած են դես­պա­նու­թեան ու ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու կեդ­րո­նին մի­ջեւ հե­տա­գայ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռըն­չուող հար­ցեր։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017