ՄԱՅՔ ՍԱՐԵԱՆ՝ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ 25 ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
«Մոտըրն Հելթքեր» թերթը, որ առողջապահութեան մարզին մասին լուրերու եւ ուսումնասիրութեանց նուիրուած հեղինակաւոր հրատարակութիւն մըն է, կազմած է առողջապահական մարզի ընկերութեանց լաւագոյն քսանհինգ տնօրէններու 2017 թուականի ցանկը, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ հայազգի բարերար Մայք Սարեան։
2012 թուականէն ի վեր «Փրայմ Հելթքեր» առողջապահական սպասարկութեանց ընկերութեան հիւանդանոցային գործողութեանց տնօրէն Մայք Սարեան պատասխանատու է քառասունչորս հիւանդանոցներու, որոնց մէջ կ՚աշխատին աւելի քան 43 հազար 500 պաշտօնեաներ։ Յատկանշական է, որ ընկերութիւնը ունէր տասնութ հիւանդանոցներ, երբ Սարեան ստանձնած էր տնօրէնի իր պաշտօնը։
Լոսանճելըսաբնակ Մայք Սարեան այս մարզին մէջ քսանհինգ տարիներու փորձառութիւն ունի եւ նախապէս ստանձնած է «Փրոսփեքթ» բժշկական ընկերութեան հիւանդանոցային բաժանմունքին ու «Հերիթէճ» բժշկական ընկերութեան ղեկերը։
Հակառակ իր բազմազբաղութեան, Սարեան շարունակաբար նեցուկ կը կանգնի Հայաստանին եւ Արցախին, առողջապահական սարքաւորումներ ապահովելով անոնց հիւանդանոցներուն, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնելով հայկական եկեղեցիներու, վարժարաններու, Հայ օգնութեան միութեան եւ շարք մը այլ հայկական ու ամերիկեան կազմակերպութիւններու:
Անցեալ Յունուարին, ան նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու Փոխ-նախագահ Մայք Փենսի եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հեռաձայնային զրոյցը իրականացնելու ջանքին մէջ։ Նաեւ, անցեալ ամառ, Մայք Սարեան իր բնակարանը տրամադրեց «Ասպարէզ»ի 108-ամեակին առթիւ կազմակերպուած հիւրասիրութեան եւ տակաւին կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ թերթին։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Գալիֆորնիոյ եւ Հայաստանի հայութեան մատուցած իր սպասարկութիւններուն շնորհիւ, Մայք Սարեան 2015 թուականին արժանացաւ հեղինակաւոր «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին: