ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ…

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, որու խօսքերը արձագանգ գտան նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ։ Ըստ «Հիւրրիյէթ»ի կայքէջին, երէկ, Ուրբաթէ աղօթքէ արձակուելու ժամանակ Պինալի Եըլտըրըմ պատասխանեց՝ այս նիւթին վերաբերեալ լրագրողներու հարցման։ Ան ըսաւ հետեւեալը.

«Բնականաբար պէտք է տեսնել։ Եթէ Հայաստան կը հրաժարի տարիներէ ի վեր իր հետեւած թշնամական վերաբերմունքէն, Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան դէմ որդեգրած սխալ քաղաքականութենէն, եթէ այդ բոլորէն կը հրաժարի եւ կը փափաքի նոր էջ մը բանալ, ապա մենք կը քննարկենք այս բոլորին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները եւ ըստ այդմ կը փոխադարձենք։ Մենք չենք փափաքիր ոեւէ մէկուն հետ թշնամութեան մէջ ըլլանք, գլխաւորութեամբ մեր հարեւաններուն։ Եթէ այսպիսի մօտեցում մը գոյութիւն ունի, բնականաբար այդ մէկը կ՚արժեւորենք մեր երկրի շահերու ծիրին մէջ»։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին երկու երկիրներու միջեւ առկայ աւանդական բարիդրացիական յարաբերութիւններու առաւել խորացման կարեւորութիւնը։

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի համագործակցութիւնը պէտք է զարգանայ՝ անկախ աշխարհաքաղաքական գործօններէն։ Կարեւոր է, որ երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը համապատասխանէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ առանձնայատուկ կապերուն։

Քվիրիքաշվիլի Փաշինեանը հրաւիրեց Թիֆլիզ ու հերթական անգամ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։

ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին՝ արդիականացման եւ բարեփոխումներու իրականացման ընթացքին համար։ Անկելա Մերքէլ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Անկելա Մերքէլ ընդգծեց, որ Պերլին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Երեւանի հետ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները խորացնելու, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանի խաղաղ զարգացման նպատակով։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորականներ ստացաւ նաեւ Եւրոմութեան խորհուրդի նախագահ Տանլըտ Թուսքի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի կողմէ։

ՆՈՐ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Երէկ կարեւոր նշանակումներ կատարուեցան առանցքային պաշտօններու համար եւ աստիճանաբար յստականալ սկսաւ Երեւանի նոր կառավարութեան դիմագիծը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրերուն հիման վրայ՝ Հայաստանի առաջին փոխ-վարչապետ նշանակուեցաւ Արարատ Միրզոյեան։ Տիգրան Աւինեանն ալ նշանակուեցաւ փոխ-վարչապետ։ Դաւիթ Տոնոյեան բերուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան գլուխը։ Սուրէն Պապայեան նշանակուեցաւ տարածքային կառավարման նախարար, իսկ Մխիթար Հայրապետեան՝ սփիւռքի նախարար։ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ նշանակուեցաւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ գլխաւորեց կառավարութեան նիստը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախարարներուն՝ քանի որ սա կառավարութեան այդ կազմով վերջին ժողովն էր։ Փաշինեան միեւնոյն ժամանակ ստորագրած է որոշում մը՝ որպէսզի ստեղծուի վարչապետի աշխատակազմը։ Երեւանեան զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջին հարցախոյզերու արդիւնքները կու գան ապացուցանել, որ Հայաստանի քաղաքացիները դրական կը վերաբերին Նիկոլ Փաշինեանի նոր կերպարին ու դրական կը գնահատեն անոր նախաձեռնած «Իմ քայլը» նախաձեռնութիւնը։ Նոր վարչապետը երէկ ընդգծեց, որ Հայաստանէ ներս բացուած է անհնարինը իրականութիւն դարձնելու ժամանակաշրջան մը եւ մարդիկ պէտք է զգան պետութեան գործադրած ջանքերը։

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան քաղաքապետարնի շէնքին առջեւ։ Ցուցարարները կը պահանջեն Տարօն Մարգարեանի հրաժարականը։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018