ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ Երկուշաբթի հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ այս կապակցութեամբ։ Այսպէս, 14 Մայիսին Սոչիի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Փաշինեան-Փութին հանդիպումն ալ նախատեսուած է նոյնպէս Սոչիի մէջ, Եւրոասիոյ բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս։ Փաշինեանի եւ Փութինի առընթեր, ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովին կը մասնակցին նաեւ Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ կազմակերպութեան անդամ միւս երկիրներու ղեկավարները։ Վլատիմիր Փութին անոնցմէ շատերուն հետ կ՚ունենայ առանձնազրոյցներ։ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Սոչիի մէջ օրակարգը պիտի ըլլայ յագեցած։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական ալեկոծ իրավիճակին մէջ, վերջին օրերուն Վլատիմիր Փութին եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ մասնաւոր քննարկման առարկայ դարձուցած էին իրադարձութիւնները։

Նախագահ Վլատիմիր Փութինի դիւանագիտութեան գծով օգնական Եուրի Ուշաքովն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Երկուշաբթի օրուան տեսակցութեան շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ սա պիտի ըլլայ երկու երկիրներու ղեկավարներու առաջին հանդիպումը՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն յետոյ։ «Կ՚ակնկալուի, որ Սոչիի յառաջիկայ բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննարկուին երկկողմանի օրակարգի կարեւորագոյն հարցերը, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան քանի մը հրատապ հարցեր», ըսաւ Եուրի Ուշաքով։ Բաց աստի, ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարը աւելցուց. «Միջազգային ու տարածքաշրջանային օրակարգի հարցերու շուրջ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի դիրքորոշումները մօտ են կամ կը համընկնին։ Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններու գծով խտացեալ շփումները կը նպաստեն արտաքին քաղաքական ոլորտէ ներս համակարգումին, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի, ԱՊՀ-ի, ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու շրջանակներէ ներս։ Ռուսաստան աշխոյժ միջնորդական դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն՝ Ամերիկայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ»։

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, ամերիկեան Stratfor վերլուծական կեդրոնի մասնագէտներն ալ վերջերս ուշադրութիւն կեդրոնացուցին Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն վրայ։ Անոնք այս ամբողջին մէջ քննարկեցին նաեւ Հայաստանի զարգացումներու հաւանական ազդեցութիւնը Ռուսաստանի դէմ։ Ըստ ամերիկացի մասնագէտներուն, Ռուսաստան առաւելապէս շահագրգռուած է Հայաստանի մէջ կայունութեան պահպանմամբ։ Վերջին իրադարձութիւններուն ժամանակ Ռուսաստան դիտորդի դեր չէ ունեցած։ Բողոքի ցոյցերու ժամանակ Մոսկուա աշխոյժ շփում հաստատած է յառաջատար բոլոր քաղաքական գործիչներուն հետ։ Թէեւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ սուր շրջադարձի մը հաւանականութիւնը շատ տկար է, այդուհանդերձ, Հայաստանէ ներս ստեղծուած մթնոլորտը Ռուսաստանի տեսակէտէ հեռանկարային առումով ստեղծած է որոշ խնդիրներ։ Հայաստանն ու Ռուսաստանը քաղաքական համակարգերու եւ մշակոյթի առումով զգալի նմանութիւններ ունին։ Մոսկուա ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Այս բոլորի հիման վրայ ռուսական կողմը առաւելապէս շահագրգռուած է Հայաստանի մէջ կայունութեան պահպանումով։ Մոսկուայի ուշադրութեան կիզակէտին չէ եղած, թէ ո՛վ պիտի գտնուի իշխանութեան ղեկին։

Հայաստանի ներքին քաղաքական հրատապ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտարարած էր, որ Մոսկուա չի պատրաստուիր փոխել իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 12, 2018