ԼԻԱՐԺԷՔ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կ՚ընթանայ դէպի առօրեայի աստիճանական բնականոնացում՝ լիարժէք վերապահութիւնով։

Երէկ, կառավարութիւնը հեռավար ժողով մը գումարեց, որու աւարտին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հերթական անգամ հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով կարեւոր յայտարարութիւններով։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ կեանքի բնականոնացումը պիտի չնշանակէ վերադառնալ համաճարակի նախորդած կացութեան։ Նախագահը տեղեկացուց նաեւ, որ այս շաբաթավերջին ալ փողոց դուրս գալու քառօրեայ արգելք մը պիտի հաստատուի երկրի բոլոր մեծ քաղաքներէն ներս՝ ընդգրկելով նաեւ 19 Մայիսի տօնական օրը։ Նախարարաց խորհուրդը երէկ որոշեց 9 քաղաքներու պարագային եւս ելքի ու մուտքի արգելքները ջնջել։ Էրտողան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ նաեւ պետութեան կողմէ առնուած քայլերուն կամ մշակուած ծրագրերուն շուրջ ընկերատնտեսական հաւասարակշռութիւններու պահպանման առաջադրութեամբ։

Ի լրումն այս բոլորին նախագահը երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ կանգ առաւ նաեւ արտաքին ու ներքին քաղաքական մարտահրաւէրներուն վրայ։ Այս ծիրին մէջ ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ արտասահմանի հայկական ու յունական լոպիներուն՝ ՖԵԹԷՕ-ի, ՓՔՔ-ի եւ Արաբական ծոցի թշնամական լծակներու հետ նոյն ամբողջին մէջ։ Ան ընդգծեց, որ Թուրքիա երբեք տեղի պիտի չտայ անոնց։

ԻՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՔՈՃԱ

Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ յայտնեց, որ սահմանափակումներու հնազանդելու պարագային Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու թիւը օրական հազարէ աւելի նուազ պիտի ըլլայ։

ՄԵՐՔԵԼԻ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները խորհրդակցեցան քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի եւ յաջորդելիք ժամանակաշրջանին առնուելիք քայլերուն շուրջ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն կապակցութեամբ։ Անոնք կանգ առին նաեւ երկկողմանի յայաբերութիւններու ընթացքին եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու վրայ։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020