ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ԴԷՊՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՂՂԵՑ ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՍՈՅԼՈՒԻՆ

Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դրան հրկիզման փորձի հարցը արձագանգ գտաւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Այսպէս, Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան այս խնդիրը յանձնեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման։ Կարօ Փայլան խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններու հիման վրայ գրաւոր պատասխան պահանջեց նախարարէն։ Հարցադրման մէջ երեսփոխանը մատնանշած է տուեալ մը՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը արձագանգ գտած է նաեւ մամուլի մէջ։ Արդարեւ, մեղադրեալը ձերբակալուելէ վերջ կատարուած հարցաքննութեան ընթացքին ըսած է հետեւեալը. «Հրկիզեցի, որովհետեւ ասոնք մեր գլուխին փորձանք դարձուցած են քորոնաժահրը»։

Այս արտայայտութիւնը մէջբերելու առընթեր, Կարօ Փայլան յիշեցուցած է, որ Պաքըրգիւղի եւ այլ գաւառակներու մէջ մօտաւոր անցեալին քանիցս քինախնդրական յարձակումներ գործուած են եկեղեցիներու վրայ։ Սրբավայրերու դռներուն վրայ կատարուած են գրառումներ՝ խտրականութեան եւ քինախնդրութեան խօսոյթով։ Զինեալ յարձակման նախաձեռնութիւններ ալ տեղի ունեցած են։

Այս բոլորի լոյսին տակ Կարօ Փայլան նախարար Սիւլէյման Սոյլուին հասցէագրած է հիմնական երեք հարց։ Առաջին՝ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ օգտագործուած «kılıç artığı»ի նման քինախնդրական արտայայտութիւնները կրնա՞ն դեր ունենալ փոքրամասնութիւններու սրբավայրերուն վրայ գործուած քինախնդրական յարձակումներուն ուղղութեամբ։ Երկրորդ՝ անվտանգութեան ի՞նչ նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին փոքրամասնութիւններու սրբավայրերուն համար, որոնք յաճախակիօրէն յարձակման կ՚ենթարկուին։ Երրորդ հարցումը պատգամաւոր Փայլանի կողմէ բանաձեւուած է անհատական դիտարկումներու կամ համոզումներու հիման վրայ, ըստ հետեւեալի. «Համոզուած եմ, թէ այս քինախնդրական յարձակումները կ՚ուղղորդուին պետութենէն ներս տեսանելի կամ անտեսանելի լծակներու կողմէ՝ ինչպէս կ՚ըլլար անցեալին։ Կրնա՞ք հակառակը ըսել հանգիստօրէն»։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020