ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԷՐՏՈՂԱՆ-ՊԱՅՏԸՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Անգարա սկսած է պատրաստուիլ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ նախատեսուած հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի՝ Պրիւքսելի մօտալուտ գագաթաժողովի ծիրէն ներս։ Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս հանդիպման ընդառաջ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հիմնական ակնկալութիւններուն շուրջ, որոնք Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ընթացքին սեղանի վրայ պիտի գտնուին։

Ըստ Իպրահիմ Քալընի, Անգարա մասնաւորապէս ՓԵՏ-ի եւ ՖԵԹԷՕ-ի հարցերուն շուրջ սպասումներ ունի Ուաշինկթընէն։ Այս հարցերը ուղղակիօրէն սպառնալիք կը համարուին Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան դէմ։ Ուստի, Պայտընի վարչախումբէն կ՚ակնկալուին շօշափելի քայլեր։

Իպրահիմ Քալըն խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու ձեռքբերման եւ այդ պատճառով «Ֆ-35» ամերիկեան ռազմաօդանաւերու արտադրութեան ծրագրէն Թուրքիոյ դուրս թողուելու հարցերը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր տարակարծութիւններու պատճառ դարձան։ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութեան ընդառաջ Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ «Ս-400»ներու խնդիրը բանակցութիւններու ճանապարհով կրնայ լուծուիլ։ Իսկ «Ֆ-35»երու պարագային Թուրքիա կը կրկնէ իր առաջարկը։ Թրքական կողմը այդ ծրագրէն միակողմանիօրէն դուրս թողուած է, ինչ որ խոտոր կը համեմատի համաձայնութիւններուն։ Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած պատժամիջոցները անարդար են, անիրաւ են եւ խոտոր կը համեմատին ՆԱԹՕ-ի դաշնակցութեան ոգիին։ Ուստի, Իպրահիմ Քալընի խօսքով, այս կէտին վրայ Անգարա ետքայլ մը կ՚ակնկալէ Ուաշինկթընէն։ «Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է իր ազգային անվտանգութեան շահերը։ Առաջին հերթին այդ մէկը կ՚ուզենք իրականացնել մեր դաշնակիցներուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, սա մեզ չի կրնար այլընտրանքներէ զերծ պահել։ Տեղ մը դուռ բանալ՝ չի նշանակեր ուրիշ տեղ մը դուռ փակել», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։

Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի այլ նիւթերուն անդրադառնալով՝ Իպրահիմ Քալըն նշեց, որ Լիպիոյ պարագային Անգարա հաւատարիմ կը մնայ համաձայնութիւններուն։ Սուրիոյ պարագային խնդրոյ առարկայ չէ Պեշար Էսատի վարչախումբին հետ շփումը։ Խօսելով Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու մասին, Իպրահիմ Քալըն ըսաւ, որ այժմ գնդակը ամբողջութեամբ եւրոպական կողմի դաշտին մէջ կը գտնուի։

Ի լրումն այս բոլորին՝ Իպրահիմ Քալըն խօսեցաւ Երուսաղէմի վերջին արիւնալի իրադարձութիւններուն մասին։ Ըստ իրեն, Իսրայէլի դէմ ցուցաբերուած հակազդեցութիւնները անբաւարար են եւ աշխարհ պէտք է կասեցնէ անոր կողմէ կատարուած չարչարանքները։

Չորեքշաբթի, Մայիս 12, 2021