ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՅԵՏՀԱՇՈՒԱՐԿ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ գլխաւորուած «Հայաստան» դաշինքի հռչակագրի ընթերցումը Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Ներկայ էին Քոչարեանի աջակիցները, համակիրները, խորհրդականները, դաշինքի մասնակից Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչները, նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ։

Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի ունկնդրութեամբ, որմէ ետք յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան եւ «Վերածնուող Հայաստան»ի ներկայացուցիչ Վահէ Յակոբեան:

Իր հակիրճ խօսքին մէջ Քոչարեան բացատրեց, թէ ինչու ներգրաւուած է այս ընտրապայքարին մէջ։ «Ես ունիմ կառավարման մեծ փորձառութիւն ճգնաժամային իրավիճակներու մէջ գործելու տեսակէտէ։ Ունիմ փորձառութիւն տնտեսական ճգնաժամ յաղթահարելու հարցով», ըսաւ ան եւ բացատրեց, թէ ինչո՞ւ ընտրած է ՀՅԴ-ն՝ որպէս դաշնակից։ «ՀՅԴ այն կուսակցութիւնն է, որ աշխարհով մէկ պայքարած է ու կը պայքարի հայերու ինքնութիւնը պահպանելու համար եւ անոր հետ ես ունեցած եմ երկարատեւ համագործակցութեան փորձառութիւն, ինչ որ եղած է արդիւնաւէտ», նշեց ան։ Ինչ կը վերաբերի «Վերածնուող Հայաստան»ի հետ դաշինք կազմելու պարագային՝ Քոչարեան դիտել տուաւ, որ այս կուսակցութիւնը ծնունդ առած է Սիւնիքի մէջ եւ հիմա կը տարածուի ամբողջ երկրէն ներս: «Սիւնիքը այսօր սպառնալիքներու կեդրոն դարձած է եւ անկէ կախուած է Հայաստանի գործօն ըլլալու խնդիրը», շարունակեց նախկին նախագահը։

Ելոյթի ժամանակ անդրադառնալով իր ապագայ ծրագրերուն, Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ. «Եթէ իշխանութեան գլուխ գանք, առաջին հերթին պէտք է տեսնել երկրին կրած վնասի ծաւալը բոլոր ոլորտներու մէջ. ինչպէս՝ տնտեսութիւն, իրաւական համակարգ, կրթութիւն, գիտութիւն եւ այլն: Սա անհրաժեշտ է ապագայ քայլերը ծրագրաւորելու համար։ Առաջնային խնդիր պիտի դառնայ տասնեակ հազարաւոր աշխատատեղիներու ստեղծումը ամէն տարի։ Յաջորդը՝ պետական համակարգի մաքրութեան եւ արդիւնաւէտութեան համար պայքարը պիտի ըլլայ եւ սա է փտածութեան դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցը, այլ ո՛չ թէ այն լոզունգները, զորս այսօր կը հնչեցնեն, այսինքն՝ յստակ աշխատանքը։ Ես միշտ հաւատացած եմ մեր ժողովուրդի աշխատասիրութեան ու ձեռներէցութեան: Մենք պիտի կառուցենք երկիր մը, որով իւրաքանչիւր հայ պիտի կարենայ հպարտանալ»։

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանն ալ վերջին զարգացումներուն շուրջ ըսաւ. «Այսօր մեր յաղթանակի՝ Շուշիի ազատագրման օրն է, սակայն, այդ թանկ գինով ձեռք բերուած յաղթանակը խլուած է մեզմէ: Հազարաւոր նուիրեալներու կեանքի գնով ազատագրուած հայրենիքը կրկին յայտնուած է գերութեան մէջ, խոցուած է մեր արժանապատուութիւնը, կը փորձեն մեզ կոտրել ու ոչնչացնել»: Ըստ իրեն, այս ընտրութիւնները սովորական չեն, որովհետեւ ընտրութիւն է՝ ազգայինի եւ ազգադաւի, արժանապատուութեան ու ստրկամտութեան, աշխատանքի ու ձրիակերութեան միջեւ եւ ի վերջոյ՝ պետութիւն ունենալ-չունենալու: «Մենք հրաշքներ չենք խոստանար, բայց կ՚երաշխաւորենք քրտնաջան աշխատանքով արագօրէն երկիրը դուրս բերել այս վիճակէն ու կառուցել ուժեղ Հայաստան։ Մենք այդ բանը անգամ մը արդէն ըրած ենք Ռոպերթ Քոչարեանի հետ, պատրաստ ենք ընել նաեւ հիմա՝ յանուն Հայաստանի, յանուն հայութեան, յանուն ներկայի ու ապագայի, մենք պիտի չհաշտուինք պարտութեան հետ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վահէ Յակոբեանն ալ ըսաւ. «Մենք կ՚ապրինք հայ ժողովուրդի համար շատ բարդ ժամանակներ։ Արցախի վերջին պատերազմը շատ ծանր հետեւանքներ ունեցած է հայկական երկու պետութիւններուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի համար։ Այս աղէտը բերած իշխանութիւնը՝ պատերազմի պատճառած վնասներուն համարժէք սպառնալիք մըն է այսօր։ Արցախին արդէն իսկ հասցուած վնասներուն զուգահեռ՝ այս իշխանութիւնը իրական սպառնալիք ստեղծած է Հայաստանի ողնաշարը համարուող Սիւնիքին համար։ Իսկ Սիւնիքը Հայաստանի այն մեկնակէտն է, որով թէեւ կը սկսի, բայց չ՚աւարտիր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը: Հայաստան պատուած է այնպիսի աղէտով մը, որմէ որեւէ ուժ ընդունակ չէ առանձին դուրս բերելու երկիրը, հետեւաբար, որոշած ենք հանդէս գալ դաշինքով»:

Վահէ Յակոբեան ընդգծեց նաեւ այլ հանգամանք մը. «Մենք կը հաւատանք մեր դաշինքի հաւաքական մտքին, կամքին եւ վճռականութեան։ Մեզ կը միաւորէ մեր երկիրը հզօր, ժամանակակից եւ բարեկեցիկ դարձնելու տեսլականը, գործող իշխանութիւնը խոչընդոտ մըն է այդ տեսլականի իրականացման ճանապարհին։ Մենք այդ խոչընդոտը պիտի վերացնենք»։

«Կրանտ օթել»ի մէջ կազմակերպուած այս հանդիսութեան աւարտին կարճ խօսքով մը հանդէս եկաւ Ռոպերթ Քոչարեանի բանբերը՝ Վիքթոր Սողոմոնեան, որ ընթերցեց «Հայաստան» դաշինքի հիմնադրութեան հռչակագիրը, որու ստորագրումէն վերջ բոլորը միասնաբար ուղղուեցան դէպի Ազատութեան հրապարակ, ուր կազմակերպուած էր հանրահաւաք մը։ Սա դաշինքի առաջին հանրահաւաքն էր, որու մասնակիցները ծափողջոյններով կը վանկարկէին. «Հայաստան» եւ «Դէպի ուժեղ Հայաստան»: Դաշինքի ներկայացուցիչները, նաեւ ընդդիմադիր շրջանակներէ զանազան դէմքեր հանդէս եկան բեմահարթակէն։ Ռոպերթ Քոչարեան այս փուլին առանձնացուց հետեւեալ կէտերը.

«2018-ի ապրիլին մեր ժողովուրդը իշխանութեան ղեկին նստեցուցած է մարդ մը, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ է պետականութիւնը եւ այդ պետական մեքենան ինչպէ՛ս կ՚աշխատի եւ ինչպէ՛ս կը կառավարուի: Կը փորձեմ անդրադառնալ երեք կարեւոր բովանդակային հարցերու: Առաջինը՝ Հայաստան այսօր անվտանգ չէ, այսօր Սիւնիքի սահմանները անվտանգ չեն: Մենք այսօր երկիր մըն ենք, որ սեփական ուժերով չի կարողանար պաշտպանել իր երկրի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ իր սահմանները: Այսօր ունինք իշխանութիւն մը, որ հետեւողականօրէն քայքայած է բանակը եւ ոչինչ կ՚ընէ զայն վերականգնելու համար: Մեր նպատակն է հաստատել արժանապատիւ խաղաղութիւն: Այս բանը չի կրնար ընել իշխանութիւն մը, որ կը մարմնաւորէ պարտութիւն, նուաստացում, խայտառակութիւն, մահեր եւ զոհեր: Մենք կրնանք ընել եւ պատրաստ ենք ընելու:

«Երկրորդը՝ Ղարաբաղի ապագան բաւական մշուշոտ է։ Ըստ ստորագրուած պայմանագրին, չորսուկէս տարի անց Ատրպէյճան կարող է հրաժարիլ ռուսական խաղաղապահ զօրքերէն։ Արդեօք այս իշխանութիւնը պատրա՞ստ է այդ բեմագրութեան, թէ ոչ: Պարտութեան դէմք հանդիսացող իշխանութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ բանակցող մը ըլլալ: Հնարաւոր չէ բանակցիլ թշնամիին հետ, եթէ դուն չորեքթաթ կը շարժիս, եթէ ծունկերուդ վրայ կանգնած ես: Հետեւաբար պէտք է գայ իշխանութիւն մը, որ ի վիճակի է արհեստավարժ ձեւով, հպարտ բանակցիլ ու հասնիլ Ղարաբաղի համար բարենպաստ լուծումներու: Մենք կրնանք ընել այս բանը:

«Երրորդը՝ երկրի տնտեսական ճգնաժամն է: Անցեալ տարի տնտեսութիւնը 7.5 տոկոս անկում ապրած է, սղաճը կ՚ուտէ ցած եկամուտները եւ երկիրը խրուած է արտաքին պարտքերու մէջ: Պարտութիւնը միայն պատերազմի մէջ չէ։ Տնտեսական ոլորտի մէջ ձախողիլը նոյնպէս պարտութիւն է: Եւ պարտութիւնը չի կրնար ըլլալ անհետեւանք, այլապէս կ՚ունենանք տեւական պարտուող ազգ մը: Ուրեմն այս իշխանութիւնը պէտք է քշել, եթէ ինքը պատրաստ չէ ինքնակամ հեռանալու»։

Հուսկ, Քոչարեան յիշեցուց, որ Շուշիի ազատագրման օրն էր եւ ըսաւ. «Այսօր այս հարթակէն մենք յետհաշուարկի պիտի սկսինք Շուշին յանձնող իշխանութիւնը իշխանութենէն հեռացնելու առումով: Իրենց մնացած է 42 օր, վաղը պիտի մնայ 41 օր, միւս օրը՝ 40 օր եւ այսպէս շարունակ: Ուրեմն ամէն օր ընկերային ցանցերու վրայ դրէք օրերու այդ յետհաշուարկը: Ասիկա պէտք է դառնայ ամբողջ հանրապետութեան աճող սպասելիքը»:

ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ԿԱՐԵՒՈՐԸ ԱԶԳԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵԼՆ Է»

Ազատութեան հրապարակին վրայ կարճ զրոյց մը ունեցանք Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սէյրան Օհանեանի հետ։

*

-Յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք, եթէ այս դաշինքը յաղթանակ տանի, այդ արդեօք կ՚ըլլա՞յ գունաւոր յեղափոխութեան պարտութիւնը Հայաստանի մէջ։ Հարցումս ընդհանրական է՝ կապուած ընդհանուր տեղաշարժերուն, Արեւմուտք-Արեւելք նոր պայքարին առընթեր, ինչպէս նաեւ Կովկասի մէջ ազդեցութիւն ունեցող ուժերու՝ Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ՝ հետեւաբար նաեւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ներկայ մեծ տեղաբաշխումներուն հետ։

-Կը կարծեմ, թէ յաղթանակը տեղի պիտի ունենայ եւ իշխանութեան գլուխ պիտի գան ուժեր, որոնք փորձառու են եւ մեր երկիրը պիտի տանին դէպի զարգացում. ապագան իրապէս կ՚ըլլայ շատ աւելի լաւ: Ի հարկէ, այն մարդիկ, որոնք այսօր իշխանութեան գլուխ են, պիտի պարտուին։ Ես վստահ եմ, թէ անոնց իշխանութեան գլուխ գալու գործին մէջ արտաքին բազմաթիւ ուժեր աջակցած են։ Բայց թէ անոնք գունաւո՞ր են կամ անգո՞յն, ես չեմ գիտեր... Կը կարծեմ՝ եթէ տեսանելի են, ուրեմն գունաւոր են, իսկ եթէ կառավարման մէջ են, ուրեմն անգոյն են, որովհետեւ իրենց կառավարումը բերած է պարտութիւն՝ անկախ այն բանէն, թէ այդ յեղափոխութիւնը գունաւոր էր կամ ոչ: Դուրսի ուժերու եւ ելմտական մեծ աջակցութեան շնորհիւ անոնք հասած են յաջողութեան եւ այսօր կը փորձեն իրենց աթոռը պահպանել:

Ես միայն մէկ բան կրնամ ըսել։ Յաղթանակէն յետոյ մեր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ազգը համախմբել եւ  դարձի բերել այն շատ շատերը, որոնք դեռ մոլորուած վիճակի մէջ են:

ԱՐԹՈՒՐ ՂԱԶԻՆԵԱՆ. «ԴԺՈՒԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ ԵՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

Հանրահաւաքի ընթացքին հակիրճ զրուցեցինք նորաստեղծ դաշինքի մասնակից «Մէկ Հայաստան»ի կուսակցապետ Արթուր Ղազինեանի հետ։

*

- Ի՞նչ փուլի կը մտնենք այսօր Հայաստանի մէջ։

-Այսօր մենք կը մտնենք վճռական փուլ, որովհետեւ արդէն աւարտը մօտ է եւ մնացած է միայն շուրջ 40 օր՝ ինչպէս նախագահ Քոչարեան ըսաւ իր խօսքին մէջ: Աւարտին կ՚ազատինք «չարիք»էն, ամբողջ երկիրը կը մաքրենք օտարերկրեայ գործակալներէ, կը ստեղծենք ազգային հիմքի վրայ ուժեղ պետութիւն մը, կ՚ապահովենք պետական կառոյցներու արդիւնաւէտ աշխատանքը եւ ամենէն կարեւորը՝ ազգային-պետական շահերու համար գործող կառոյցներ։

-Այս առումով սփիւռքէն ի՞նչ կ՚ակնկալէք։

-Կ՚ակնկալենք, որ սփիւռքը ըլլայ մեր կողքին, մեր հայրենիքի կողքին, մեր պետութեան կողքին, այսօր դժուար ժամանակներ են մեզի համար: Մենք կ՚ապաւինինք բոլոր մեր հայրենակիցներուն, Հայաստանին համար սփիւռքը հայկական այդ մեծ աշխարհն է։ Եւ հայկական այդ մեծ աշխարհը պէտք է ըլլայ մեզի հետ՝ միասին աւելի լաւ ապագայ մը ունենալու համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 12, 2021