ԼԱՒՐՈՎ. «ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ ՄՆԱԼ»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կը շարունակէ պահանջուած մնալ։ Սերկէյ Լաւրով Պաքու կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Առանձնազրոյցէն եւ պատուիրակութիւններու բանակցութիւններէն վերջ երկու նախարարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լաւրով այս փուլին նշեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կը շարունակէ պահանջուած մնալ՝ առաջին հերթին մարդասիրական խնդիրներու լուծման շուրջ համագործակցութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման միջոցառումները յառաջ մղելու ուղղութեամբ։

Անդրադառնալով Արցախի մէջ իրավիճակի կարգաւորման՝ ռուս նախարարը Պաքուի մէջ ըսաւ. «Իրավիճակի ապագայ կարգաւորման բանալին է՝ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւններուն ամբողջ ծաւալով հետեւիլը։ Այդ պայմանաւորուածութիւնները կ՚ապահովեն թէ՛ ռազմական գործողութիւններու դադարի պահպանման համար անհրաժեշտ դրութիւնները եւ թէ նպատակաուղղուած են ապաշրջափակելու այն ենթակառուցուածքները, որոնք երկար տարիներ հնարաւորութիւն չեն ընձեռած՝ բացայայտելու աշխարհաքաղաքական կարեւորութեամբ այս տարածքաշրջանի շատ լուրջ տարանցիկ ու տնտեսական ներուժը։ Համաձայնութիւններու իրականացման գործին մէջ կարեւոր ներդրում ունի նաեւ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբը»։ Սերկէյ Լաւրով աւելցուց, որ մօտաւոր ապագային առաջին արդիւնքները արդէն տեսանելի պիտի ըլլան։

Պաքուի մէջ ռուս նախարարը ընդգծեց, որ այդ խումբը հետամուտ է փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններու յստակեցման։ Ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը Անդրկովկասի պետութիւններուն ու անոնց հարեւաններուն համար հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ միանալու տարանցիկ փոխադրումներու միասնական տարածքի մը։

Սերկէյ Լաւրովի համոզմամբ, Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը կը ներառէ իրավիճակը կարգաւորելու ուղղեալ անհրաժեշտ ամէն ինչ։ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները ուղղուած են տարածքաշրջանէ ներս հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման։ Արդարեւ, գրեթէ երեսուն տարիէ ի վեր արգելափակուած հաղորդակցութիւնները կը խոչընդոտէին տարածքաշրջանի զարգացումը։

Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ ընդգծեց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահները շատ սերտ շփման մէջ են Ատրպէյճանի հետ։ Ընդհանուր առմամբ Մոսկուա աշխատանքները դրական կը գնահատէ։ Ռուս խաղաղապահները կը նպաստեն խաղաղ կեանքի վերականգնման։ Այս կէտին վրայ Լաւրով շեշտեց, որ մարդասիրական հարցերը կ՚ընդգրկեն ինչպէս գերիներու եւ զոհերու մարմիններու վերադարձը, այնպէս ալ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու տրամադրումը։ Ըստ Լաւրովի, առաջին քայլերը արդէն առնուած են։ Ան յոյս յայտնեց, որ հարցը շուտով կը լուծուի։ Պաքուի մէջ ռուս նախարարը դիտել տուաւ, որ այդ բոլորին շուրջ քննարկումներ ծաւալած են նաեւ մօտաւոր անցեալին իր կողմէ Երեւան տրուած այցելութեան ընթացքին։ «Կը յուսամ, թէ ամէն ինչ կ՚արագանայ եւ այս հարցը լիովին կը լուծուի», նշեց Լաւրով։

Իր կարգին, Ճէյհուն Պայրամովն ալ յայտարարեց, որ կարելի է խօսիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին։ Ատրպէյճան հետաքրքրուած է այս բանով։ «Մենք քայլերու կը ձեռնարկենք այս ուղղութեամբ, ապագային ալ պիտի շարունակենք քայլեր առնել։ Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերուն՝ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պատրաստ ենք կատարել անոնց վերաբերեալ պարտականութիւնները, ամէն ինչ ընել անոնց քաղաքական, տնտեսական, ընկերային համարկման համար», յայտնեց Ճէյհուն Պայրամով, որու խօսքով՝ իսկապէս եզակի իրավիճակ մը ստեղծուած է։ Ատրպէյճան կատարած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը ու վերականգնած՝ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ան աւելցուց, որ Պաքու կատարած է իր պարտաւորութիւնները ռազմագերիները հայկական կողմին յանձնելու հարցին շուրջ։ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ որոնողական աշխատանքներ ալ կ՚իրականացուին՝ բարդ կլիմայական, երկրաբանական պայմաններու ներքեւ։ Վեց ամսուայ ընթացքին հայկական կողմին փոխանցուած է շուրջ վեց հարիւր դի։

Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ երէկ Պաքուի մէջ ծաւալուած քննարկումներու հիմնական նիւթերէն մին էր եռակողմանի համաձայնութիւններու իրագործումը։ Ատրպէյճան համոզուած է, թէ անոնք բաւարար պայմաններ կը ստեղծեն տարածքաշրջանի զարգացման հա-մար ու կը նպաստեն նոր իրողութիւններու ի յայտ գալուն։ Պաքու ամբողջովին կը կատարէ 10 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմանի համաձայնութենէն բխած պարտաւորութիւնները։ Որպէս օրինակ՝ Պայրամով նշեց Ատրպէյճանի կողմէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական օգնութեան մատակարարման համար պայմաններու ստեղծումը։ Ատրպէյճանի զինուորները ձմրան պայմաններով մասնակցած են պատերազմի ընթացքին զոհուած հայ զինուորներու մարմիններու որոնման աշխատանքներուն։ «Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսաստանի դերը եռակողմանի համաձայնագրի իրագործման ուղղութեամբ։ Մեր հիմնական քննարկումները կապուած են հաղորդակցութիւններու ստեղծման հետ։ Մենք բարձր կը գնահատենք նաեւ մշտադիտարկման կեդրոնի ստեղծումը՝ եռակողմանի համաձայնագրի հիման վրայ», ըսաւ Ճէյհուն Պայրամով եւ աւելցուց, որ Պաքու ականազերծման խնդրին շուրջ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւններն ալ բարձր կը գնահատէ։

Այս բոլորին առընթեր, Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձաւ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ զինուորականներու վերաբերեալ հարցերուն։ Ան պնդեց, որ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը կը համապատասխանէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն, կալանքի պայմաններն ալ՝ նոյնպէս։

Պայրամով պնդեց, որ Ատրպէյճան շատ յաճախ Հայաստանի կողմէ կը նկատէ ապակառուցողական մօտեցումներ, ինչ որ աւելորդ բեռ կը ստեղծէ ներկայ գործընթացին համար։ «Կը կարծենք, թէ այս պահուածքը չի նպաստեր տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կարգաւորման։ Այս բանի հիմնական պատճառը հայ զինուորներու՝ Ատրպէյճանի տարածք ներթափանցելու փորձերն են», յայտնեց Պայրամով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 12, 2021