ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը շփումներ կը նախատեսուին։ «Յառաջիկային կը նախատեսուի մեր ներկայացուցիչներու հանդիպումը սահմանազատման, սահմանագծման հարցով եւ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում կ՚ունենան», երէկ յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան Հոլանտայի Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ։ Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Լահէյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէի հետ։ Ան պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր այդ երկրին մէջ եւ այս շրջանակէն ներս մէկտեղուեցաւ իր պաշտօնակցին հետ։ «Ատրպէյճան, ցաւօք, կը շարունակէ շատ ակրեսիւ քաղաքականութիւն մը վարել Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ։ Գիտէք, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբ։ Եւ ատրպէյճանական դիւանագիտութեան գործը վերջին ամիսներուն հետեւեալն է։ Անոնք կ՚երթան Եւրոմիութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ կ՚ըսեն՝ ահա, տեսէք Հայաստանը ռուսամէտ երկիր է։ Յետոյ կը մեկնին Ռուսաստան եւ կ՚ըսեն՝ տեսէք Հայաստան արեւմտամէտ երկիր է, տեսէք ինչպէս Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները կը սերտացնէ։ Երբեմն կ՚ըսեն, որ Հայաստանի մէջ Արեւմուտքի կողմէ գունաւոր յեղափոխութեան միջոցաւ հաստատուած կառավարութիւն մը կայ, կը գործէ Ռուսաստանի դէմ»։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան-Ռութէ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզի գործընթացներուն։ Երկու վարչապետներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ Մարք Ռութէ յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ պայքարիլ, որպէսզի հայ ռազմագերիները ապահով վերադառնան իրենց երկիրը։
Փաշինեանի կողմէ երէկ Լահէյի մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն այս առաւօտ արձագանգեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ որու, անհիմն մեղադրանքները կասկածի տակ կը դնեն Երեւանի խաղաղութեան ձգտումը։ Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքնն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ կողմերը քննարկած են նախատեսուած յստակ քայլերը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։