ՍՈԹՔԻ ՎՐԱՅ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Շաբաթավերջին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ, երկու երկիրներու սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը մնայ միշտ լարուած։ Այս առաւօտ, ժամը 10.00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերստին թիրախաւորեցին Հայաստանի սահմանամերձ Սոթքի դիրքերը։ Անոնք այս անգամ կիրառեցին նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր։ Շուրջ կէս ժամ տեւեցին բախումները։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ դէպքին հետեւանքով վիրաւորուած է երկու զինուոր։ Անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց սահմանին վրայ՝ վերջին օրերուն թափ ստացած լարուածութեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան փոխ-բանբեր Վետանթ Փաթել անդրադարձաւ սահմանի իրավիճակի սրման։ Իր խօսքով՝ այս տեսակ բռնութիւնը կը խաթարէ Երեւան-Պաքու յառաջընթացը դէպի կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն։ Շաբաթավերջի Պրիւքսելի բանակցութիւններու սեմին, ամերիկեան կողմը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որպէսզի անոնք Պրիւքսելի մէջ համաձայնին սահմանի ամբողջ երկայնքով իրենց ուժերը ետ քաշելու շուրջ։ Յիշեցուեցաւ, որ այս հարցը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ալ քննարկուած է Ուաշինկթընի վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին։ Ըստ դիւանագէտին, ամերիկեան կողմը Պրիւքսելի շաբաթավերջի հանդիպումը կը դիտարկէ՝ որպէս Ուաշինկթընի բանակցութիւններու շարունակութիւն։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Սոթքի հատուածէն ներս շուրջ երկու օրէ ի վեր խնդրոյ առարկայ են յարձակումներ։ Հայկական կողմը տեղեկացուցած էր, որ երէկ երեկոյեան եւ գիշերուան ընթացքին հրադադարի էական խախտումներ չէին արձանագրուած, սակայն, այս առաւօտ դարձեալ բախումներու մասին հաղորդումներ կատարուեցան։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Հայաստանի կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտնեց, որ Պրիւքսել մեկնելու որոշումը թէեւ չէ փոխած, սակայն այնտեղ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հաւանականութիւնը շատ քիչ է։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023