ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Թուր­քիա-Հա­յաս­տան մամ­լոյ մրցա­նա­կը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յանձնուե­ցաւ «Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թի սիւ­նա­կա­գիր Այ­շէ Մեհ­վէշ Է­վի­նին։ «Քիւլ­թիւր» հա­մալ­սա­րա­նի Հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան մի­տում­ներ կեդ­րո­նին կող­մէ հինգ տա­րիէ ի վեր կը յանձ­նուի այս մրցա­նա­կը։ Դա­տա­կազ­մի այս տարուան ան­դամ­ներն էին «Քիւլ­թիւր» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Տքթ. Մեն­սուր Աք­կիւն, Տքթ. Սիլ­վիա Թիր­յա­քի եւ «Րա­տի­քալ» օ­րա­թեր­թի գրող Օ­րալ Չա­լըշ­լար։ Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը այս տա­րի հիւ­րըն­կա­լեց Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­ւագ հիւ­պա­տոս Չարլզ Հան­թըր։ Իր խօս­քին մէջ ան կա­րե­ւո­րեց կա­մուրջ­նե­րու հաս­տա­տու­մը, բարդ նիւ­թե­րու շուրջ քա­ղա­քա­ցիա­կան երկ­խօու­թեան զար­գա­ցումն ու 1915-ի հետ ա­ռե­րե­սուե­լու գծով մա­մու­լի ստանձ­նած դե­րը։ Օ­րալ Չա­լըշ­լար ալ յայտ­նեց, թէ 1915-ի հետ ա­ռե­րե­սուե­լու նիւ­թը սկսած է դառ­նալ մամ­լոյ օ­րա­կար­գի յա­ռա­ջա­տար նիւ­թե­րէն մէ­կը եւ այս գծով գրի կ՚առ­նուին բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ։ Մեն­սուր Աք­կիւն նշեց, թէ մրցա­նա­կը ու­նի խորհր­դան­շա­կան ի­մաստ եւ յոյս ու­նին, որ ան պի­տի զար­գաց­նէ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան երկ­խօ­սու­թիւ­նը՝ միա­ժա­մա­նակ նշե­լով, թէ սահ­մա­նա­դու­ռը դեռ փակ կը մնայ։

«1915-ը ցե­ղաս­պա­նու­թի՞ւն է, թէ ոչ» խո­րագ­րեալ Ապ­րիլ 22-ի իր գրու­թեամբ այս մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած Այ­շէ Մեհ­վէշ Է­վինն ալ շեշ­տեց, թէ մամ­լոյ մէջ խա­ղա­ղու­թեան լե­զուն պէտք է իշ­խէ, փո­խա­նակ ա­տե­լու­թեան։ Ան յայտ­նեց, թէ ին­քը դի­ւա­նա­գէ­տի զա­ւակ մըն է եւ 1980-ա­կան­նե­րուն Ա­ՍԱ­ԼԱ-ի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով իր հօր ըն­կեր­նե­րէն ո­մանք սպան­նուած էին եւ իր ըն­տա­նի­քէն ներս վախ մը կար հա­յե­րու հան­դէպ։ Ան նշեց, թէ հայ­կա­կան խնդրին հետ սկսած է ա­ռե­րե­սուիլ լրագ­րող դառ­նա­լէ ետք, իր ըն­թեր­ցում­նե­րուն շոր­հիւ։ Է­վին շեշ­տեց խա­ղա­ղու­թեան եւ ա­ռե­րես­ման բաց հա­սա­րա­կու­թեան մը կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2015