ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս լուսաբանութեան նամակ մը ուղարկուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան։ Այդ նամակը ստորագրուած է՝ Մուրատ Սիւմէի (ատենապետ), Արէտ Շէնի, Պերճ Զիայի եւ Անահիտ Սերկուտի կողմէ։ Նամակի բովանդակութեան մէջ մատնա-նըշւած է, որ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի հասցէին շաբաթներ շարունակ կարգ մը անձերու կամ հաստատութիւններու կողմէ մեղադրանքներ ու զրպարտութիւններ, պըն-դումներ լոյս տեսած են մամուլի մէջ։ Հաշուի առնելով, որ մեր թերթը արձագանգ կը հանդիսանայ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ օրակարգի վրայ եկած քննադատութիւններուն՝ ըստ երեւոյթին, թաղային խորհուրդը յարմար նկատած է ուղարկել լուսաբանական նամակ մը։

«8 Յունիս 2014» թուականը կը կրէ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդին նամակը։ Նկատի ունենալով, որ յաջորդող բացատրութիւններուն մէջ տեղ գտած թուականները շատ աւելի մօտաւոր անցեալին կը պատկանին՝ յայտնի է, որ պաշտօնական նամակը սխալ թուագրուած է։ Յամենայնդէպս, թաղային խորհուրդը կը յայտնէ, որ Պիւյիւքտէրէի պարագային օրակարգի վրայ եկած պնդումներու հիման վրայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատկան բաժանմունքները թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը ենթարկած են մանրակրկիտ քննութեան։ Այդ քննութիւնը կատարուած է՝ 14.11.2017 թուակիր եւ համար 30511 հրահանգով։ Այսպէս 2009 թուականէն սկսեալ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի հաշիւներն ու գործունէութիւնը, բոլոր փաստաթուղթերով հանդերձ, հաշուապահութեան արձանագրութիւններով ու կալուածներու վերաբերեալ կարգադրութիւններով հանդերձ, աւելի՛ն, ատենապետ Մուրատ Սիւմէի եւ ընտանիքի ստացուածքով հանդերձ ենթարկուած են քննութեան։

Ըստ թաղային խորհուրդի նամակին, արդիւնքին՝ 1 Յունիս  2018 թուակիր պաշտօնական նամակով մը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատկան բաժանմունքը արդարացուցած է թաղային խորհուրդի գործունէութիւնը։ Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդն ալ այս հիման վրայ կը տեղեկացնէ, որ այսպէսով յայտնի դարձած է, թէ վերոյիշեալ բոլոր պնդումները, զրպարտութիւններն ու մեղադրանքները անհիմն են։ Ուստի, թերթիս խմբագրութենէն պահանջուած է ժողովուրդը տեղեակ պահել այս մասին։

ԾԽ.- Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերաբերեալ քննադատութիւնները յաճախ լոյս տեսած են թերթիս սիւնակներուն մէջ։ Մենք թաղային խորհուրդի պաշտօնական նամակին կ՚անդրադառնանք՝ առ ի յարգանք պատասխանի իրաւունքին։ Յամենայնդէպս, համոզուած ենք, թէ մեր համայնքի պայմաններով չափազանց կարեւոր է՝ որպէսզի հաստատութիւններու ղեկավար մարմիններու գործունէութիւնը արդարացում գտնէ նաեւ հանրային կարծիքի խղճին մօտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018