ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ՉԷ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԱՆՈՆՑ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Մոսկուա՝ 2018 թուականի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին արդէն տեղեկացուցած էին այս մասին։ Մոսկուայի աղբիւրները նոյնպէս վերահաստատեցին այս տուեալը։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի հիւրընկալէ Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարկ է նշել, որ Մոսկուայի պաշտօնական բացման արարողութեան պիտի մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Վերջին օրերուն օրակարգի վրայ կը գտնուի Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպման մը հաւանականութիւնը։ Յամենայնդէպս, ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, այդ հանդիպումը նախատեսուած չէ Մոսկուայի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեանի բանբերը՝ Արմէն Եղոյեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Օրակարգի մասին կրնամ ըսել, որ նախատեսուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը։ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ կ՚ըլլայ Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան բացման արարողութեան։ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումը նախատեսուած չէ»։

Միւս կողմէ, Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան յայտարարեց, որ Պաքուի այս սադրանքը ուղղուած է իրավիճակը լարելու եւ պայմանաւորուածութիւնները տապալելու նպատակին։ Բալայեան մատնանշեց նաեւ, որ դէպքը զուգադիպած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն Հայաստան այցելութեան նախօրեակին։ Արդարեւ, միջնորդները վաղը արդէն պիտի ըլլան Երեւանի մէջ։ «Հայկական կողմը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս յառաջընթացի բանալին խաղաղ բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորումն է։ Ատրպէյճանական կողմի նմանօրինակ գործողութիւնները, ըստ էութեան, հակադիր նպատակ կը հետա-պընդեն։ Այս սադրանքի հաւանական բոլոր հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կը կրէ ատրպէյճանական կողմը», մատնանշեց Տիգրան Բալայեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018