ՔԱՆՏԻԼԻ ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ Թուրք զինեալ ուժերը ռմբակոծումներ կ՚իրականացնեն Քանտիլի վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական բանակը երկար ժամանակէ ի վեր կը թիրախաւորէ ահաբեկչական լծակներ։ Այդ ամբողջին մէջ Քանտիլ կը համարուի անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան ողնայարը։ Ուստի, ի շարունակութիւն վերջին շրջանի հակաահաբեկչական լայնածաւալ պայքարին՝ զինեալ ուժերը հիմա արդէն սկսած են հարուածներ հասցնել Քանտիլի վրայ։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Պուրսայի եւ Նիտէի մէջ կազմակերպը-ւած հանրահաւաքներուն ընթացքին տեղեկացուց այս մասին՝ փոխանցելով նաեւ մանրամասնութիւններ։ Ըստ իրեն, քսան ռազմաօդանաւ մասնակցած է գործողութեան։ Այսպէս, ռազմաօդային ուժերը Քանտիլէ ներս ոչնչացուցած են տասնչորս կարեւոր թիրախ։ «Սակայն տակաւին չէ վերջացած։ Քանտիլ պիտի դադրի մեր երկրին ու ազգին տեսակէտէ ահաբեկչութեան սկզբնակէտ մը ըլլալէ», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, նախագահը շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը ամբողջութեամբ դուրս պիտի մնայ երկրի օրակարգէն։ «Քանտիլ այլեւս պիտի չըլլայ ահաբեկչական ճահիճ մը», ըսաւ ան։

Թուրք զինեալ ուժերը 10 Մարտէն ի վեր Հիւսիսային Իրաքի մէջ կ՚իրականացնեն գործողութիւններ, որոնք ներկայիս նոր հարթութեան մը վրայ են։ Այդ գործողութիւններու վերջնական թիրախը սկզբանէ Քանտիլի լեռն էր։ Զօրքերը առաւել չափով կը կեդրոնանային Հաքուրկ շրջանին վրայ, որ կը բացուի դէպի Քանտիլ։ Գործողութիւններու ծիրէն ներս այնտեղ մտցուեցան հրասայլեր, որոնք տեղակայուեցան նախապէս ձեւաւորուած տասնմէկ խարիսխներու մէջ։ Այդ հրասայլերը առայժմ նախատեսուած չեն ցամաքային հաւանական գործողութիւններու համար։ Անոնք առաւել չափով կ՚օգտագործուին դիտարկման նպատակով։ Արդարեւ, հրասայլերը օժտուած են դիտարկման սարքաւորումներով եւ այդ բոլորը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն հետեւելու համար ահաբեկիչներու անցքին։ Հաքուրկի եւ շրջակայքին ձեռնարկուած գործողութիւններու ընդգրկած տարածքը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին հասած է 30 քիլօմեթր խորութեան։ Բանակը լրիւ վերահսկողութեան տակ առած է այն ռազմավարական բլուրները, որոնց միջոցաւ կա-րելի է վերահսկել ահաբեկիչներու անցքը։ Դիտարկումներուն կը մասնակցին նաեւ անօդաչու թռչող սարքերը։ Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներուն, անվտանգութեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ առաջնահերթ նպատակն է խզել ահաբեկիչներուն Քանտիլէն Թուրքիա անցքը։ Քանտիլի վրայ ցամաքային յարձակումներու իրականացման եւ ահաբեկչական ճամբարներու ոչնչացման նպա-տակով գործողութիւնները տակաւին վաղ կը համարուին։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ ալ տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր Հիւսիսային Իրաքի մէջ ռազմաօդային ուժերը ոչնչացուցած են ահաբեկչական տասներկու թիրախներ, որոնք առաւել չափով կը գտնուէին Քանտիլի մէջ։

ՄԵՆՊԻՉԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Միւս կողմէ, Թուրքիա յամառ աշխատանք կը տանի նաեւ Սուրիոյ սահմանին վրայ ալ չէզոքացնելու համար ահաբեկչական վտանգները։ Այս առումով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ապահովուած համաձայնութիւնը՝ Մենպիչի վերաբերեալ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է գործադրել համապատասխան ճանապարհային քարտէսը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, թուրք եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններ այս շաբթուան մէջ Գերմանիոյ մէջ բանակցութիւններ պիտի վարեն՝ քննարկելով ծրագրի գործադրութիւնը։ Մաթիս շեշտեց, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է թրքական կողմի հետ զինուորական համագործակցութեան։ «Առաջնագծի վրայ համագործակցութեան պատրաստ ենք։ Այս բանը կը սկսի գիտնալով, թէ ո՛ր մէկերնիս ո՛ւր կը գտնուինք։ Առաջին հերթին սահմանի երկու կողմին մէջ պիտի սկսին հերթապահութիւններ։ Աւելի վերջ կրնան ըլլալ համատեղ հերթապահութիւններ։ Զինուորական գործողութիւնները ներկայիս կ՚ենթարկուին արժեւորման», ըսաւ Փենթակոնի ղեկավարը։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ վերջերս հանդիպած էր իր ամերիկացի պաշտօնակցին՝ Մայք Փոմփէոյի հետ։ Այդ տեսակցութենէն վերջ հրապարակուած էր վերոյիշեալ ճանապարհային քարտէսը, որ կը բաղկանայ երեք փուլէ։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 12, 2018