ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏՕՆԵՑ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

«Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան յաղթանակ տօնեց Աթէնքի մէջ։ 2020 թուականին նախատեսուած Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան ընդառաջ հայկական ընտրանին պայքար կը մղէ J խումբին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Յունաստան-Հայաստան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ։ Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի հաւաքականը Երեւանի մէջ պարտութեան մատնած էր Լիխթենշթայնը։ Ուրեմն, աւագ մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանցի սաները մարզադաշտ դուրս եկան յաւակնոտ սպասումներով։ Ինչ որ ալ ըլլայ, հայկական ընտրանիին տեսակէտէ դժուար խաղ մըն էր այս մէկը։ Երկու հաւաքականները ցայսօր հանդիպած էին չորս անգամ եւ Հայաստան երբեք չէր կրցած յաղթել Յունաստանին։ Վիճակագրական այս տուեալը անշուշտ որոշ չափով կը պայմանաւորէր խաղի բարոյահոգեբանական մթնոլորտը։

Այս բոլորը արդէն մէկ կողմ թողուեցան, երբ սկսաւ խաղը։ Տակաւին 8-րդ վայրկեանին Ալեքսանտր Կարապետեան բացաւ հաշիւը՝ լաւ արժեւորելով Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումը։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ խաղի տակաւին սկիզբին արձանագրուած կոլը հայկական ընտրանիին տեսակէտէ ունեցաւ կարեւոր նշանակութիւն։ Հայաստանի հաւաքականը առաջին խաղակէսին ընդհանրապէս կը վերահսկէր ընդհանուր ընթացքը եւ այս մթնոլորտին մէջ 32-րդ վայրկեանին Հայաստանի երկրորդ կոլի հեղինակը դարձաւ Գէորգ Ղազարեան։ Կամօ Յովհաննիսեանի փոխանցումէն վերջ ան կատարեց դիպուկ հարուած մը եւ հաշիւը զարգացուց ի նպաստ Հայաստանի։ Առաջին խաղակէսը եզրափակուեցաւ երկու կոլի առաւելութեամբ՝ ի նպաստ հայկական ընտրանիին։

Երկրորդ խաղակէսին տանտէրերն ալ աւելի ազդու խաղարկութիւնով եւ աւելի բուռն պայքարով հանդէս եկան։ 54-րդ վայրկեանին Զեքա արձանագրեց հիւրընկալներու առաջին կոլը՝ հաշիւը դարձնելով 1-2։ Հայկական ընտրանին թէեւ ապրեցաւ որոշ դժուարութիւններ, սակայն ցոյց տուաւ շատ լաւ դիմադրութիւն եւ յաջողեցաւ պահել առաջին խաղակէսին ապահոված առաւելութիւնը։ Յունաստանի հաւաքականը իրերայաջորդ յարձակումներ կ՚իրականացնէր դէպի հայկական դարպասը, սակայն մրցման 74-րդ վայրկեանը եղաւ բեկումնային։ Տիգրան Բարսեղեան, որ առաջին կոլի փոխանցումը կատարած էր, արձանագրեց Հայաստանի երրորդ կոլը եւ այսպէսով նոր ուժ ու եռանդ ապահովեց հայկական հաւաքականին։ Վերջին քառորդ ժամուն բնականաբար Յունաստանի հաւաքականը փորձեց դարձեալ գրաւել հայկական դարպասը։ Յամենայնդէպս հիւրընկալներու ճնշումը անմիջապէս արդիւնք չտուաւ։ Հայկական պաշտպանութիւնը կը գործէր նպատակասլաց։ 87-րդ վայրկեանին Քոսթաս Ֆորթունիս արձանագրեց կոլ մը եւ հաշիւը դարձաւ՝ 2-3։ Հանդիպման վերջին րոպէները անցան բաւական լարուած, սակայն ի վերջոյ Հայաստանի ընտրանին հասաւ իր նպատակին եւ Յունաստանի դիմաց ապահովեց երեք միաւոր։

J դասաւորման մէջ Հայաստան ներկայիս երրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ՝ վեց խումբերու շարքին։ Յառաջատարն է Իտալիա, որուն կը յաջորդէ Ֆինլանտիա, որ ունի ինն միաւոր։ Հայաստան վեց միաւորով երրորդ հորիզոնականին վրայ է։ Աղիւսակի վրայ հայկական ընտրանիին կը յաջորդեն Յունաստան եւ Պոսնա Հերսէք՝ չորսական միաւորով։

«Եւրօ-2020»ի որակաւորման փուլի յաջորդ խաղերը նախատեսուած են յառաջիկայ սեպտեմբերին։

Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019