ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԱՇՏՕՆ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես երէկ փոխ-ընդհանուր քարտուղար նշանակեց Մովսէս Աբէլեանը։ Հայկական դիւանագիտութեան ամենայայտնի դէմքերէն մին է Մովսէս Աբէլեան, որ ՄԱԿ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար նշանակուած է՝ ընդհանուր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան հարցերով։ 2016 թուականէն ի վեր ան վերոյիշեալ վարչութեան ղեկավարութեան մաս կը կազմէ։
Մովսէս Աբէլեան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու կարգաւորման բնագաւառներէ ներս գործունէութեան 25-ամեայ փորձառութիւն մը։ Ան ղեկավարած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ծրագրերու ու հիմնադրամներու գործադիր խորհուրդներու շրջանակներէ ներս կարգ մը գործընթացներ։ 2011-2016 թուականներուն ան զբաղեցուցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարցերով բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը։ Խորհրդատուութիւն տրամադրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին, անդամներուն, ինչպէս նաեւ օժանդակ մարմիններուն՝ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատանքներուն, գործնականութեան եւ ընթացակարգերուն վերաբերեալ գործընթացներուն շուրջ։ Աւելի վաղ զբաղեցուցած է Ընդհանուր ժողովի վարչական ու պիւտճէի հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ ծրագրերու եւ համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները։ 1998-2003 թուականներուն եղած է ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալը։ Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին նախագահած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 5-րդ կոմիտէին եւ մանկական հիմնադրամին։ Բաց աստի, եղած է Զինաթափման յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, խաղաղապահ գործողութիւններու գանձատրման բարեփոխումներու յատուկ բանակցող եւ Ընդհանուր ժողովի 57-րդ նստաշրջանի կազմակերպութեան բարեփոխումներու հարցերով համակարգող։
Դիւանագիտական ծառայութեան սկսելէ առաջ դասախօսած է Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Մովսէս Աբէլեան կրթութիւն ստացած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Մովսէս Աբէլեան, որ հայկական դիւանագիտութեան ամենափայլուն դէմքերէն մին է, ՄԱԿ-է ներս այսքան բարձր դիրքի հասած առաջին հայ պաշտօնատարը կը հանդիսանայ։ Աւելի առաջ ՄԱԿ-է ներս բաւական բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած էր նաեւ հայազգի ուրիշ անուն մը՝ Պենոն Սեւան, որ Յունական Կիպրոսի քաղաքացի էր։