ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի եւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Հարկ է յիշեցնել, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջերս այցելած էին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի մէջ իրենց ունեցած շփումներու լոյսին տակ՝ վերջերս միջնորդները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը եւ ներկայացուցին հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ յստակ քայլերու առաջարկներ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ այս այցելութեան հիմնական նպատակն էր գնահատել իրավիճակի զարգացումը Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Վիեննայի մէջ եւ արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն։ Համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին վերջին կորուստներուն առընչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին, որպէսզի կողմերը ցուցաբերեն առաւելագոյն զսպուածութիւն՝ խուսափելով մագլցումներէ։
«Ինչպէս եւ պահանջուած էր, համանախագահները գործընթացի համար յետագայ յստակ քայլերու առաջարկներ ներկայացուցին՝ ներառեալ մարդասիրական եւ անվտանգութեան միջոցները։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունեցին համանախագահներու առաջարկը՝ յառաջիկային հանդիպելու համար անոնց հովանաւորութեան ներքեւ եւ այս մասին մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին համապատասխան ժամկէտներով», նշուած է միջնորդներու յայտարարութեան մէջ։