Կիրակի 29, Դեկտեմբեր 2024
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Պրիւքսել։ Վաղը՝ իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Եւրոմիութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ նիստին։ Բանակցութիւններու ընթացքին Մնացականեան կը գլխաւորէ հայկական պատուիրակութիւնը։ Եւրոպական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի։
Ժողովի արդիւնքներուն շուրջ նախատեսուած է նաեւ Մնացականեանի եւ Մոկերինիի համատեղ մամլոյ ասուլիսը Պրիւքսելի մէջ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2019