ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած տեսաժողովի մը։ Նախարարներու մակարդակի վրայ կազմակերպուած հեռավար այս համաժողովին ժամանակ Զօհրապ Մնացականեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը ընդգծեց, որ Արեւելեան գործընկերութիւնը կ՚ընդգրկէ Եւրոպայի արեւելեան հատուածը եւ հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ, որոնք կը հանդիսանան այս գործընկերութեան ուժը։ Ուստի, անոնք պէտք է վեր դասուին աշխարհաքաղաքական նկատումներէ։ Ըստ Մնացականեանի, Արեւելեան գործընկերութեան բազմակողմանի հարթակը նաեւ կը համալրէ ու կը նպաստէ անոր մասնակից իւրաքանչիւր պետութեան՝ ԵՄ-ի եւ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման։ Ուստի, հաշուի առնելով Արեւելեան գործընկերութեան կարեւորութիւնը՝ անհրաժեշտ է պահպանել եւ առաւել խթանել անոր շարունակականութիւնը եւ ամբողջականութիւնը։

Զօհրապ Մնացականեան ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Հայաստանի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն է մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկը։ Հայկական կողմը արդիւնաւէտօրէն կ՚իրականացնէ Հայաստան-ԵՄ Մուտքի արտօնագրերու դիւրացման եւ յետընդունման մասին համաձայնագրերը։ «Մենք ներգրաւուած ենք անդամ երկիրներու հետ մասնաւոր երկխօսութեան մէջ՝ ցոյց տալով մեր աշխատանքը եւ մեր ձեռքբերումները, որոնք կ՚արդարացնեն մուտքի արտօնագրերու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբի անհրաժեշտութիւնը, ինչն ալ, լիայոյս ենք, որ շուտով տեղի կ՚ունենայ», ըսաւ նախարարը։

Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ քորոնաժահրի համաճարակին ու նշեց, որ սա առաջին լուրջ մարտահրաւէրն է, որուն կը բախուի Արեւելեան գործընկերութիւնը՝ թեւակոխելէ ետք իր երկրորդ տասնամեակը։ «Այնուամենայնիւ այս համավարակը անգամ մը եւս ի ցոյց դրաւ միջազգային համագործակցութեան եւ բազմակողմանիութեան կարեւորութիւնը՝ վերազգային սպառնալիքները արդիւնաւէտօրէն դիմագրաւելու առումով։ Համատեղ ուժեր հարկաւոր են այս ճգնաժամը յաղթահարելու համար։ Այս առումով կը փափաքիմ դրուատանքի խօսքեր յայտնել ԵՄ-ին՝ Արեւելեան գործընկերութեան տարածքաշրջանի անմիջական կարիքներուն եւ ընկերատնտեսական վերականգնման նպատակով շարժման անցուած արտակարգ օգնութեան ծրարին համար։ Մեր կառավարութիւնը եւ հայ ժողովուրդը սա շատ բարձր կը գնահատէ», ըսաւ նախարար Մնացականեան։

Համաժողովի ընթացքին Մնացականեան շեշտեց, որ Երեւանի տեսակէտէ ողջունելի չեն՝ առկայ համաճարակի մարդու իրաւանց դէմ բըռ-նաճնշումներու եւ ատելութեան խօսք տարածելու նկատմամբ չարաշահման դրսեւորումները։ Ան ըսաւ.

«Տարածքաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան առընչութեամբ, ներառեալ համաճարակի ժամանակը, Հայաստան միացած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ համաշխարհային զինադադարի հաստատման կոչին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ հանդէս եկած ենք համատեղ յայտարարութեամբ, որու մէջ համանախագահները ընդգծած են հրադադարի անվերապահ պահպանման եւ ստեղծուած իրավիճակէն ներս սադրիչ գործողութիւններէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը եւ կողմերուն կոչ ուղղած են ձեռնարկել ապագայ միջոցառումներու լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ։ Սակայն մենք ականատես կ՚ըլլանք համաճարակի ժամանակ լայնածաւալ զօրավարժութիւններու եւ Հայաստանին ուղղուած անթաքոյց պատերազմական սպառնալիքներու։ Այս գործողութիւնները ունին սադրիչ բնոյթ եւ չեն նպաստեր լարուածութեան նուազեցման։ Անդրադառնալով հակամարտութիւններուն՝ պէտք է նշեմ, որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր ուրոյն անվտանգութեան միջավայրը, մշակութային եւ պատմական համատեսքը, հանգուցալուծման տարբեր թափ եւ բովանդակութիւնը, որոնց հիման վրայ ալ պէտք է դիտարկուի։ Հակամարտութիւններու հարցին անդրադառնալու ժամանակ տարբերակումը անհրաժեշտ է»։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած է ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը՝ նոյնպէս տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020