ՅԻՇԵԼՈՎ ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆԸ

Յայտնի բանասէր, գրագէտ հրապարակագիր եւ պատմաբան Արշակ Ալպօյաճեան ծնած է 17 յունիս 1879 թուականին, Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէրպէրեան վարժարանին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան համար կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան, ու 1895-ին իբրեւ թերաւարտ, մուտք կը գործէ առեւտրական ասպարէզ։ Տարի մը ետք կը միանայ Պոլսոյ մէջ նոր հիմնուած Բիւզանդ Քէչեանի «Բիւզանդիոն» օրաթերթին, իբրեւ վարչական պատասխանատու։

20-րդ դարու աւարտին արդէն բազմաթիւ պարբերաթերթեր լոյս կը տեսնէին Պոլսոյ մէջ ու Ալպօյաճեանի սերնդակից մտաւորական երիտասարդութեան աշխատակցութեան համար այդ պարբերաթերթերը լաւագոյնս կը ծառայէին օրուայ մտաւորականութեան պատրաստութեան մէջ։

Ալպօյաճեան կանուխ տարիքէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Հանդէս Ամսօրեայ», «Կոչնակ», «Բիւրական», «Մասիս», «Ծաղիկ» եւ «Սուրհանդակ» պարբերաթերթերուն։

Ալպօյաճեանի առաջին բանասիրական գործը կը դառնայ «Ուսումնասիրութիւն Սրբուհի Տիւսաբի», որ եղած է կենսագրական աշխատանք մը, ուսումնասիրուած՝ Ալպօյաճեանի կողմէ, որ ծանօթ պիտի դարձնէր զինք ազգային ականաւոր գործիչներու կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած մեծարժէք գործերով։

Անոր գրիչը առաւել բեղմնաւոր դարձած է օսմանեան սահմանադրութենէ յետոյ։ 1910 թուականին լոյս ընծայած է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը, նուիրուած Ազգային սահմանադրութեան 50-ամեակին։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի շրջանին եւ յաջորդող տարիներուն, մինչեւ 1922 թուականը պաշտօնավարած է Էսաեան վարժարանին մէջ՝ որպէս պատմութեան ուսուցիչ։ 1922 թուականին մեկնած է Յունաստան, ուր աշխատած՝ Քորֆուի ամերիկեան որբանոցին մէջ, միաժամանակ աշխատակցած է Պոլսոյ «Վերջին Լուր» թերթին, որպէս անոր շրջիկ թղթակիցը։ 1923 թուականին մեկնած է Եգիպտոս, պաշտօնավարելով Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ որպէս ուսուցիչ։

1936-1937 թուականներու միջեւ Գահիրէի մէջ հրատարակած է «Ազատ Միտք» շաբաթաթերթը։

1941 թուականին կը ձեռնարկէ ունենալ անձնական հայկական տպարանը, իր հրատարակութիւններն ու գիրքերը տպելու համար։ Նոյն տարին, երկարամեայ հիւանդութենէ տառապող կողակիցը աչքերը կը փակէ յաւիտեան։

Հրատարակած իր աշխատասիրութիւններէն բացի «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան» իր գործը կը դառնայ հայկական գաղթավայրերու առաջին ամբողջական պատմութիւնը, որուն առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ 1941 թուականին իր սեփական տպարանէն, իսկ երկրորդը՝ 1955 թուականին ու աւելի ուշ 1961 թուականին ալ երրորդ հատորը։ Անտիպ կը մնայ չորրորդը, ուր ներառնուած է Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով գաղթական վայրերու պատմութիւնը։

Ալպօյաճեան իր հասարակական գործունէութիւնը կը շարունակէր ծառայելով Գահիրէի քաղաքական ժողովին։ 1947 թուականին մաս կը կազմէ եգիպտահայութեան ազգահաւաքի աշխատանքներուն։

1955 թուականին անդամ կ՚ընտ-րըւի Եգիպտոսի թեմական ժողովին ու կը դառնայ ժողովին փոխ-ատենապետը։ Նոյն տարին նաեւ կ՚ընտրուի պատուիրակ, ներկայացնելու Եգիպտոսի հայոց թեմը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնելու նոր կաթողիկոսի ընտրութեան, որու ընթացքին Տ. Վազգէն Եպսկ. Պալճեան պիտի ընտրուէր Սուրբ Էջմիածնի 130-րդ Հայրապետը։

1959 թուականին, հրաւէրով Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան, կը հրաւիրուի Հայաստան։ Իբրեւ բանասէր, Երեւանի մէջ կ՚արժանանայ մեծ պատիւի։ Կը մասնակցի գիտական ու ակադեմական կարեւոր հանդիպումներու, որոնք առհասարակ կը վերաբերէին գաղթաշխարհի հայութեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը անոր կը շնորհէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը ու հայրապետական յատուկ կոնդակը՝ գնահատելով անոր ազգային օգտաշատ ծառայութիւնները։ 80 տարեկանը թեւակոխած անուանի հայ բանասէրը, նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակէր իր գրական ու հրատարակչական գործունէութիւնը. 1962 թուականի գարնան հրաւէր կը ստանայ երկրորդ անգամ այցելելու Հայաստան՝ Գիրերու գիւտի 1600-ամեակին առիթով, սակայն առողջական վիճակը չարտօնէր մեկնիլ ու աւելի ուշ՝ 24 յունիս 1962 թուականին Ալպօյաճեան յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ Գահիրէի մէջ։

Արշակ Ալպօյաճեան մերօրեայ պատմութեան մէջ կը յիշատակուի ոչ միայն իբրեւ յայտնի բանասէր, այլ իբրեւ պատմաբան, հասարակական գործիչ ու նուիրեալ դաստիարակ։

Գալուստեան ազգային վարժարանի նախկին իր աշակերտները հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց ուսանողական օրերը Գահիրէի մէջ։

Ալպօյաճեան հրատարակած է 22 աշխատասիրութիւններ, միաժամանակ շատ մը գործերն ալ կը մնան անտիպ։

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2020