ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն միշտ կը հասնին լարուածութեան վերաբերեալ լուրեր։ Երէկ, Պաքուի աղբիւրները պնդեցին, որ հայկական ստորաբաժանումները գնդակոծած են Ատրպէյճանի դիրքերը։ Երեւանի աղբիւրները անմիջապէս հերքեցին այդ լուրերը՝ ընդգծելով, որ անոնք հերթական ապատեղեկատուութիւն կը համարուին։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած այդ պնդումներէն անմիջապէս վերջ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ հայկական կողմը ո՛չ թէ գնդակոծած է Ատրպէյճանի դիրքերը, այլ միջոցներու ձեռնարկած է, որպէսզի Հայաստանի սահմանային հատուածէն ներս Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ճարտարագիտական աշխատանքները դադրեցուին։ Նոյն յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ երէկ, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հերթական անգամ փորձած են իրենց տեղակայուած դիրքերու ֆիզիքական կացութիւնը բարելաւել Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Կութ գիւղի սահմանային հատուածէն ներս։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայկական ստորաբաժանումները հակազդման գործողութիւններու դիմած են, իսկ Ատրպէյճանի զօրքերը՝ դադրեցուցած այդ աշխատանքները։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021