ՄԱՔՐՈՆ ՄՏԱԴԻՐ Է ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀԵՏ ԱՐԾԱՐԾԵԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի եւ Մոսկուայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Փիէռ Լեւիի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առկայ իրավիճակը։ Ռուսական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կարծիքի մանրակրկիտ փոխանակումներ տեղի ունեցան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Հարցերը արծարծուեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութեան համատեսքին մէջ։ Ռուս եւ ֆրանսացի դիւանագէտները կանգ առին նաեւ ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս առկայ այլ արդիական հարցերու վրայ։ Ֆրանսա, Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ, համանախագահներէն մին է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի, որ վաղուց հետամուտ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ միայն Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Թուրքիոյ գերակշիռ ներգործութեամբ։ Ֆրանսա եւ ԱՄՆ գործնականօրէն այդ գործընթացէն դուրս մնացած էին, ուստի, յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ անոնք կը փորձեն ներգրաւուիլ իրադարձութիւններու շարունակութեան։

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը յաջորդ շաբթուայ սկիզբին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի ընթացքին եւս ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ։ Արդէն յայտարարուած է, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած ժամադրութեան օրակարգին վրայ պիտի գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նոյն գագաթաժողովի ծիրէն ներս ծրագրուած է նաեւ Էրտողանի տեսակցութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Փարիզի աղբիւրներու հաղորդումներով, Մաքրոն մտադիր է Էրտողանի հետ քննարկել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու վերաբերեալ խնդիրները։

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ կոչ ուղղեց Պաքուին եւ Երեւանին, որպէսզի վերսկսին բանակցութիւններու։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւններու վերջին աճը կը վկայէ, թէ չլուծուած խնդիրները կը մնան լուրջ մարտահրաւէր՝ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ։ Անն Լինտէ ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Շուէտական նախագահութեան համոզմամբ, անհրաժեշտ է լարուածութիւնը թուլացնել եւ կողմերուն միջեւ պէտք է երկխօսութիւն սկսի բանակցութիւններու վերականգնման նպատակով։ Սա պիտի ապահովէ կայուն կարգաւորումը միջազգային իրաւունքի համապատասխան, որպէսզի լուծուին նաեւ մարդասիրական ու մարդու իրաւանց ոլորտի հարցերը։

Անն Լինտէ դիտել տուաւ, որ առկայ հարցերը լուծելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը լաւագոյն ձեւաչափն է։ «Ես լիովին կ՚աջակցիմ համանախագահներու եւ իմ յատուկ ներկայացուցիչի ջանքերուն՝ հակամարտութեան կարգաւորման համար», ըսաւ ան։ Բաց աստի, շուէտացի նախարարը ընդգծեց, որ Մոսկուա կարողացած է ապահովել կրակի դադարեցումը։ «Ռուսաստան աշխոյժ դեր կը խաղայ զանազան ոլորտներու մէջ. օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցին շուրջ։ Փաստ է, որ Ռուսաստան կարողացաւ ապահովել կրակի դադարեցումը։ Ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ ո՛չ միայն 2 հազար ռուս զինուորներու հակամարտութեան գօտիէն ներս տեղակայման վրայ, այլեւ կը փափաքէի, որ ԵԱՀԿ-ը, միջազգային հանրութիւնը եւս դերակատարութիւն ունենան», շարունակեց ան։ Միեւնոյն ժամանակ, Լինտէ յոյս յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կրնան յառաջընթաց ապահովել եւ հանդէս գալ ստեղծագործ առաջարկներով։

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021